ՄՈՊԻԼ, Ալապամա.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 20 Մարտ թուակիր հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Ալապամա դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Միացեալ Նահանգներու 49րդ նահանգը, երբ նահանգապետ Քէյ Այվի պաշտօնական հռչակագիրով մը հաստատեց, թէ 1915-1923ի միջեւ, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կազմակերպուած երեք միլիոն հայերու, յոյներու եւ ասորիներու սպանդը համազօր է ցեղասպանական ոճիրի։
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Մեսրոպեան ողջունեց հռչակագիրին հրապարակումը, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ նահանգապետ Քէյ Այվի իր այս քայլով ցոյց տուաւ, որ Ցեղասպանութեան մասին պատմական իրականութիւններ պէտք չէ պատանդ դառնան զանոնք ուրացողներուն եւ անոնցմէ շահեր փնտռողներուն։
Մեսրոպեան նաեւ դրուատեց այս գծով Ալապամայի հայութեան տարած աշխատանքը։
Նահանգապետին հռչակագիրին մէջ ակնարկութիւն կայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն ցուցաբերուած ամերիկան Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին ցուցաբերած օժանդակութեանց եւ անոնց մէջ Ալապամայի ժողովուրդին ունեցած դերակատարութեան։
«Հպարտ եմ, որ Ալապամայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ մեր բարեկամներուն աջակցութեամբ կարելի եղաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող այս քայլը իրականացնել», յայտարարեց Ալապամայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչներէն Ճեք Յակոբեան։
Նշենք, որ միայն Միսիսիփի նահանգն է, որ ցարդ պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։