ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ոստիկանութենէն զօրագունդ մը Երկուշաբթի, 25 Մարտին մեկնեցաւ Տաւուշի շրջան՝ սահմանային դիրքերը պաշտպանելու առաքելութեամբ:
Զօրագունդին բարի ճանապարհ մաղթեց ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան:
«Ձեր խիզախութիւնը առանձնայատուկ գովեստի է արժանի: Հպարտ եմ, որ ձեր պատրաստակամութեամբ օրինակ էք ծառայում մեր ոստիկանական մեծ ընտանիքի համար: Ձեր օրինակը վարակիչ է», նշեց Վալերի Օսիպեան իր ողջերթի խօսքին մէջ: