Անդրադառնալով Նոր Զելանտայի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան եւ անոր յաջորդած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւններուն՝ աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան կոչ ուղղեց վերջ դնելու Կալիփոլիի ուխտագնացութեան:
«Իբրեւ ամերիկահայ, որուն նախնիները անձամբ ականատես եղած են վայրագութիւններուն, Կալիփոլիի ճակատամարտի օրուան նուիրուած ուխտագնացութիւնը միշտ նկատած եմ իբրեւ թրքական քարոզարշաւ: Ես կը յարգեմ իրենց զոհուած հերոսներուն յարգանքի տուրք մատուցող ընտանիքները, սակայն չեմ վստահիր ժամանակակից Թուրքիոյ ղեկավարներու մտադրութիւններուն», կ՛ըսէ Թանքեան «Նիուզհապ»ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ:
Վերջինս կը նշէ, որ Էրտողան իր նախընտրական ելոյթներուն ընթացքին կ՛օգտագործէ նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան պատկերները՝ բացայայտ կերպով ահաբեկելով նորզելանտացիները եւ աւստրալեացիները՝ ըսելով. «Ձեր նախնիները եկան, անոնցմէ ոմանք ետ դարձան դագաղներու մէջ: Եթէ դուք գաք ինչպէս ձեր նախնիները, վստահ եղէք, որ կը հեռանաք անոնց նման»:
«Ես հարցում մը ունիմ ամբողջ աշխարհի մէջ որոշում տուողներուն. ի՞նչ պէտք է ձեզի՝ հասկնալու համար, որ բռնակալ մը, որ կը բանտարկէ լրագրողները, ընդդիմութեան առաջնորդները եւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները, հասանելիութիւն ապահոված է «Իսլամական պետութեան» համար Պոլսոյ հիւանդանոցներուն եւ սրճարաններուն մէջ, հեռացուցած է առաւել քան 100,000 ուսուցիչներ, ոստիկաններ եւ ակադեմականներ եւ խստօրէն կը հերքէ հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն ցեղասպանութիւնը, կը շարունակէ ապակայունութիւն ստեղծել ամբողջ տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ: Իսկապէս, ինչի՞ կը սպասէք դուք: Թերեւս մէկ այլ ցեղասպանութեա՞ն», կը գրէ Թանքեան:
«Ե՞րբ պիտի գայ ժամանակը ըսելու. «Բաւական է»: Մենք չենք պատրաստուիր համաձայնելու բռնակալի հետ առեւտուրի, աշխարհաքաղաքական առաւելութեան կամ ռազմական ուղղաթիռներու վաճառքի: Նոր Զելանտան Միացեալ Նահանգները չէ եւ պէտք է աւելի բարոյական ուղի ընտրէ», կ՛եզրափակէ Նոր Զելանտիա ապրող Սերժ Թանքեան: