ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի վարչապետի տիկինը, «Իմ Քայլը» եւ «City of smile – ժպիտների Քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ՝ Աննա Յակոբեան Երեքշաբթի, 2 Ապրիլին այցելեց Միացեալ Նահագներու Քոնկրեսը:
Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի, Ամերիկայի Քոնկրեսի գրադարանի փոխտնօրէն Մաքս Սուինի եւ Քոնկրեսի գրադարանի Հայաստանի եւ Վրաստանի նախկին գլխաւոր մասնագէտ Լեւոն Աւդոյեանի ուղեկցութեամբ տիկին Յակոբեան նախ այցելեց Քոնկրեսի գրադարանը եւ ծանօթացաւ գրադարանի ստեղծման պատմութեան ու ցուցանմոյշներուն:
Յակոբեան ծանօթացաւ նաեւ գրադարանի պահոցներուն մէջ ցուցադրուած հայկական մանրանկարներուն եւ գիրքերուն:
Այնուհետեւ Քոնկրեսի շէնքին մէջ, ի պատիւ տիկին Յակոբեանի՝ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որ կազմակերպուած էր Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնախումբի անդամ Աննա Էշուի եւ յանձնախումբի համանախագահ Ճեքի Սփիրի կողմէ: Միջոցառման ներկայ էին քոնկրեսականաներ Ֆրենք Փըլոն, Ատըմ Շիֆ, Մայքըլ Թոմսըն, Ճոն Քոքս, Ճուտի Չու, Ռաճա Քրիշնամուրթի, Քեթրին Քլարք, Ճեֆրի Ֆորթենպերի, Թամ Սուազի, Տորիս Մացուի եւ Զօուի Լաֆկրըն:
Ընդունելութեան ընթացքին Աննա Էշու, Ճեքի Սփիր եւ Ատըմ Շիֆը հանդէս եկան ելոյթներով: Անոնք խօսեցան Հայաստանի մէջ տարի մը առաջ տեղի ունեցած խաղաղ, ոչ բռնի Թաւշեայ յեղափոխութեան, ինչպէս նաեւ Աննա Յակոբեանի ղեկավարած երկու հիմնադրամներուն գործունէութեան մասին: Ընդունելութեան աւարտին ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկաւ Աննա Յակոբեան՝ ներկայացնելով իր գլխաւորած «Իմ Քայլը» եւ «City of smile – Ժպիտների Քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու գործունէութիւնը եւ ծրագիրները:
Յակոբեան նաեւ հանդիպեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին Հայ Դատի յանձնախումբի գործավարներուն եւ յանձնախումբի տարբեր ծրագիրներու մասնակցող երիտասարդներու հետ:
Առաւել քան երկու շաբաթ տեւողութեամբ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին Հայաստանի վարչապետի տիկինը պիտի փորձէ գումարներ հանգանակել «Իմ Քայլը» եւ «Ժպիտների Քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներուն համար, որոնք ուսանողներու կրթաթոշակներ կը տրամադրեն, անապահով ընտանիքներու կ՛օգնեն, ինչպէս նաեւ՝ քաղցկեղով հիւանդ երեխաներու բուժումը կը ֆինանսաւորեն: