ԱՐԱ ԹՈՐԱՆԵԱՆ ԵՒ ՍԱՄ ԹԻԼՊԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԴԱՏԸ ՇԱՀԵՑԱՆ
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Փարիզի Վերաքննիչ ատեանը 28 Մարտին արձակեց «Արմենիուզ» առցանց թերթի տնօրէն Արա Թորանեանի եւ Հայ Դատի գործիչ Սամ Թիլպեանի դէմ Մաքսիմ Կոէնի բացած դատին վճիռին վերաքննութեան արդիւնքը:
Թորանեան «թրքական ֆաշականութեան ծառայող իսկական վարձկան» որակած էր Կոէնը՝ դատապարտելով անոր ժխտողական կեցուածքները եւ զայն բաղդատելով Հրեաներու Հոլոքոսթի ծանօթ ժխտող, տխրահռչակ Ռոպէր Ֆորիսոնի հետ: Թորանեանի այս խօսքերը երկրորդած էր Սամ Թիլպեան, «Արմենիուզ»ի «Մեկնաբանութիւններ» բաժնով: Կոէն, անուանարկութեան պատճառաբանութեամբ՝ անոնց դէմ բացած դատը կորսնցուցած ըլլալով Նոյեմբեր 2017ին, դիմած էր Վերաքննիչ ատեան: Հետեւաբար, այս մէկը անոր երկրորդ պարտութիւնն է: Թէեւ ենթակային համար բացասական այս երկու վճիռները բաւական համոզիչ չեն թուիր ըլլալ, ան այժմ որոշած է դիմել Բեկանիչ ատեան՝ «իր պատիւը մաքրելու համար»:
Թրքական իշխանութիւններուն շատ մօտիկ, կոչումով «պատմաբան, հետազօտող» մըն է Կոէն, որ կ՛ապրի Անգարա: Ան կ՛աշխատի հաշուոյն թրքական AVIM խորհրդածութիւններու հարթակի (think-tank) մը, զոր հիմնած է Թուրքիոյ հին դեսպան մը եւ որուն գլխաւոր առաքելութիւնն է հերքել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ֆրանսական արդարադատութեան այս զոյգ վճիռները ցոյց կու տան, որ Ֆրանսայի մէջ ի չգոյութեան Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելի դարձնող օրէնքի մը՝ (2012ին Սահմանադրական խորհուրդը վիժեցուց այդ օրէնքի ծրագիրը) գէթ կարելի՛ է դատապարտել ժխտողականութիւնը եւ ժխտողները ու մատնացոյց ընել զանոնք։