ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հինգշաբթի, 4 Ապրիլին, ընդունեց Ռումանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, հայ-ռումանական միջխորհրդարանական խումբի համանախագահ Վարուժան Ոսկանեանը, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ռումանիայի մասնաճիւղի ղեկավար Կարապետ Խաչատուրեանը եւ Ռումանահայոց միութեան փոխնախագահ Զարեհ Նազարեանը:
Ողջունելով հիւրերը, Փաշինեան նշեց, որ իրեն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին սփիւռքահայերու հետ հանդիպումները, որոնց ընթացքին հնարաւորութիւն կը ստեղծուի քննարկել յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր: Վարչապետը աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր մակարդակ եւ օրակարգ ձեւաւորելն է, որպէսզի հայրենիքն ու Սփիւռքը գործեն միասնական օրակարգով:
Վարուժան Ոսկանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը յաջողութեամբ պիտի իրականացնէ ստանձնած առաքելութիւնը: Ան նշեց, որ տեղւոյն հայ համայնքը եւս պատրաստ է իր նպաստը բերելու հայրենիքի զարգացման: Ոսկանեան անդրադարձաւ Ռումանիոյ հայ համայնքի գործունէութեան եւ վստահեցուց, որ ան կրնայ մեծ դեր խաղալ երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային կապերու զարգացման ու ընդլայնման գործին մէջ: