ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի Մուսա Լերան Հայրենակցական միութեան, Հինգշաբթի, Ապրիլ 18ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի վարիչը հանդիսացող դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան հայերէնով ներկայացնէ՝ «Այնճարի հիմնադրութիւնը, զարգացման փուլերը եւ մարտահրաւէրները» նիւթով բանախօսութիւնը։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Պուլ-ղուրճեան» սրահին մէջ (13330 Riverside Dr., Sherman Oaks, CA 91403): Պիտի հրամցուին Մուսա Լերան յատուկ ուտեստեղէններ։