ԹԱՀԱՆԿԱ, «Նոր Օր».- Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու բարեգործական միութեան մշակութային յանձնախումբին, 23 Մարտին, Թահանկայի մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ մը՝ միութեան հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձին առիթով՝ «Հայկական ճոխ երեկոյ» խորագրին տակ:
Միութեան սրահը լեցուած էր հոծ բազմութեամբ. ներկայ էին՝ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի ներկայացուցիչը, կուսակցութիւններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ անդամ ու անդամուհիներ:
Երեկոյին բացումը կատարելով, Սարօ Աղպաշեան միութեան վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց կեդրոնատեղի մը ունենալու պահանջքը եւ նշեց, թէ ներկայիս միութիւնը նիւթապէս աւելի կարող է եւ յոյս ունի, որ մօտ ապագային իր սեփական կեդրոնը կրնայ ունենալ, բոլորին աջակցութեամբ: Ան վարչութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, ձեռնարկին ներկայ գտնուելուն համար:
Գեղարուեստական բաժինը, որ երկու մասերէ կը բաղկանար, սկսաւ «Իլիկներու պար»ին նուագախումբին կատարմամբ, որուն հետեւեցաւ «Պինկէօլ» երգը՝ Կասիա Բուշեանի կատարմամբ, ապա՝ «Զէյթունի ծառ»ի նուագը: Դալար Դագեսեան կատարեց «Զեփիւռ կը դառնամ» երգը, որմէ ետք նուագախումբը կատարեց «Վաղարշապատ»ը, իսկ Գարէն Դագեսեան կատարեց՝ «Լուսին եմ ամպի տակին» երգը: Երեկոն շարունակուեցաւ «Ամպեց կորաւ լուսնկան»ի նուագով, Կասիա Բուշեանի «Լէլըմ լէյլմ» երգով, իսկ վերջին մասով կատարուեցան՝ «Սարի սիրուն եար»ի նուագը, Գարէն Դագեսեանի «Քելէ քելէ» երգը եւ վաստակաւոր երգիչ Արմէն Դագեսեանի՝ «Իմ Երեւան» երգը:
Բոլոր ելոյթները բուռն ծափահարութիւններով գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ, որոնք խանդավառուած կը մասնակցէին երգերուն:
Փակման խօսքը կատարեց միութեան երիտասարդ ատենապետ Հայկ Եսայեան, որ յայտնեց, թէ կեդրոն ունենալու նպատակն է մէկտեղ հաւաքել փոքրիկները եւ պատանիները, զանոնք ձուլումէն հեռու պահելով: Ան աւելցուց, թէ միութեան նպատակն է նաեւ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել հայկական կուսակցութիւններու եւ քոյր միութիւններու հետ:
Այս առիթով, միութեան յատուկ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Բարեգործականի վեթերան անդամուհի Սրբուհի Որբերեան՝ իր կատարած նուիրեալ աշխատանքներուն համար: Միութեան շքանշանով պարգեւատրուեցան նաեւ խումբի անդամներ՝ Վիգէն եւ Շիրակ Պետրոսեաններ, Լեւոն Թովմասեան, Վիգէն Մարտիրոսեան, Ռամզի Գաբրիէլեան եւ երեկոն պատրաստող Յարութ Զագարեան եւ երգիչները:
Երեկոյի աւարտին բոլորը հրաւիրուեցան ճաշակելու պատրաստուած համադամ ուտեստները: