ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» ուխտին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 13 Ապրիլին, 10րդ տարին ըլլալով տեղի պիտի ունենայ «Ուրացման դէմ հեծելարշաւ»ը, Սանթա Մոնիքայի մէջ:
Արշաւին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակուող ուրացումը:
Որոշուած է այս տարուան արշաւին հասոյթը տրամադրել Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանին։
Արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 11ին, հետեւեալ վայրէն՝ 1640 Appian Way, Santa Monica, California 90401:
Արշաւը պիտի սկսի շուրջ ժամը 1ին:
Մասնակցութեան սակը 10 տոլար է եւ իւրաքանչիւր մասնակցող պիտի ստանայ յատուկ շապիկ մը: Վարձու հեծանիւներ տրամադրելի պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերէն՝
– Sea Mist Rentals, 1619 Ocean Front Walk, Santa Monica, CA 90401.
– Santa Monica Bike Center, 1555 2nd St., Santa Monica, CA 90401.
– Breeze BikeShare, 1610 Colorado Ave. Santa Monica, CA 90401։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել sardarabad@ayfwest.org հասցէին կամ այցելել www.facebook.com/events/355403118409426/ կայքէջը: