ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 14 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 3ին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 S Grand Ave., Los Angeles, CA 90012) տեղի պիտի ունենայ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան նախաձեռնած սենեկային երաժշտութեան «Դիլիջան» համերգաշարի 2018-2019 տարեշրջանի վեցերորդ ձեռնարկը՝ «Բաբախող սիրտ» խորագիրով:
Ձեռնարկին ընթացքին պիտի ներկայացուին Կոմիտասէն, Պեթհովենէն եւ Տեպուսիէն ստեղծագործութիւններ։
Կատարողներու շարքին են՝ ջութակահարներ Վարդի Մանուէլեան եւ Մովսէս Պօղոսեան, թաւջութակահար Փիթըր Սթամֆ եւ դաշնակահար Սթիւըն Վանհովերթ։
Տոմսերու սակը 20 եւ 35 տոլար է, իսկ աշակերտներու համար՝ 15։
Տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (818) 500-9997 թիւին կամ այցելել www.dilijan.larkmusicalsociety.com կայքը: