ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Շաբաթ, Մարտ 23ին, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ, հայութիւնը յուզող հարցերու շուրջ միօրեայ քննարկումներ տեղի ունեցան Օրէնճ Քաունթիի Հայ Կեդրոնին մէջ։
Շրջանի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ եւ ՀԵԴի «Աշոտ Երկաթ» ուխտին, ՀԵԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան համագործակցութեամբ իրականացած իւրայատուկ այս ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀԵԴի «Աշոտ Երկաթ» ուխտէն Ալիք Չէրչեան, որ մօտաւորապէս 40 ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց դոկտ. Մուրատեանի հակիրճ կենսագրականն ու իրագործումները։
Ապա, դոկտ. Մուրատեան ներկաներուն հետ երկխօսութեան միջոցաւ քննարկեց՝ «Հարիւրամեայ քաղաքական գործունէութիւն եւ ապագայի քայլեր» ընդհանուր նիւթը։
Քննարկուած նիւթերէն մէկն էր հայ ինքնութեան սահմանումը. դոկտ. Մուրատեան հետաքրքրական դրուագներ պատմեց Ա-րեւմտեան Հայաստան կատարած իր այցելութիւններուն մասին, որուն ընթացքին ան կրցած էր հանդիպումներ ունենալ շարք մը իսլամացած եւ իսլամացուած հայերու հետ, ներկայացնելով անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան նաեւ հայ երիտասարդութիւնը քաղաքական աշխոյժ գործունէութեան մղելու ջանքերը։
Աւարտին, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէութենէն Թալին Ճերմակեան փոխանցեց կոմիտէին խօսքը, յիշեցնելով, որ կոմիտէն եւս վերջին մէկ տարուան ընթացքին կեդրոնացած է հայ երիտասարդները քաղաքականացնելու աշխատանքներուն վրայ։
Քննարկումը աւարտեցաւ «Մեր Հայրենք»ի երգեցողութեամբ, որմէ ետք ներկաները շարունակեցին իրենց քննարկումները հիւր դասախօսին հետ, իսկ ապա վայելեցին «Միտի Քիչըն» ճաշարանին մատուցած համեղ ընթրիքը։
(Քաղուած Թալին Ճերմակեանի թղթակցութենէն)