ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, 2 Ապրիլին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Գարօլին Շմաւոնեանի։ Ներկայ էին՝ Նայիրի Տէրտէրեան (փոխատենապետուհի), Ռիթա Հինդլեան (ատենադպիր), Սիլվա Թագւորեան (գանձապահ), եւ անդամներ՝ Մարալ Մաթոսեան, Նելլի Վէքիլեան, Լիզա Աւագեան, Սօնա Աքելեան, Վարսենիկ Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէն Վերժինի Թուլումեան եւ անձնակազմի անդամներ՝ Օժիկ Գրիգորեան եւ Նելլի Ներկիզեան։ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութենէն կ՛ընկերանային ատենապետուհին՝ Սիլվա Փօլատեան եւ ատենադպրուհին՝ Մարալ Թուլումեան։
Սրբազան հօր կողքին էին Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան։
Առաջնորդը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, յատկապէս ողջունելով ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան առաջին այցը Ազգային առաջնորդարան, դրուատեց ՀՕՄի ծաւալած հայրենանպաստ ծառայութիւններն ու անձնուէր գործունէութիւնը, նշելով նաեւ, որ Ազգային առաջնորդարանը միշտ քաջալեր հանդիսացած է ՀՕՄի ծաւալած մարդասիրական, կրթական եւ հայրենանուէր ծառայութեան։
Յանուն Կեդրոնական վարչութեան, ատենապետուհին իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր ընծայած առիթին համար, նշելով որ ՀՕՄի առաքելութիւնն իսկ է մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւններով օժանդակել համայն հայութեան, ապա առաջնորդին իբրեւ նուէր փոխանցեց ՀՕՄի 110ամեակին առթիւ Մայքըլ Արամի արուեստի գործէն գեղեցիկ յուշապնակ մը։
Հանդիպումը առիթ եղաւ տեսակէտներ փոխանակելու ՀՕՄի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։ Կեդրոնական վարչութեան անդամները անդրադարձան իրենց տեղական շրջաններու իրավիճակներուն, աշխարհատարած հայ գաղութներու ներկայ պատկերին, տարուած աշխատանքներուն, անոնց ենթակայ կառոյցներուն, կրթանպաստներուն եւ տնտեսական հարցերու։ Նշուեցաւ նաեւ, որ արդէն իսկ ձեռնարկուած է յառաջիկայ Հոկտեմբերին գումարուելիք համահայկական ժողովի կազմակերպման։
Առաջնորդը բարձր գնահատեց ՀՕՄի նուիրեալ ծառայողները, նշելով, որ անոնք ճիգ չեն խնայեր բարձր պահելու ՀՕՄի ջահը Սփիւռքի բոլոր օճախներուն մէջ՝ Լիբանանէն մինչեւ հեռակայ շրջաններ եւ հայրենիքի մէջ, ապա բոլորին փոխանցեց յուշանուէրներ՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց ապագայ ծրագիրներուն։