ԵՐԵՒԱՆ.- Այս տարուան Մարտին, նախորդ տարուան Մարտին հետ համեմատած՝ ուղեւորներու թիւը աճած է 7 տոկոսով:
«Զուարթնոց» միջազգային օ-դակայանի «Ֆէյսպուք»ի էջէն կը տեղեկանանք, որ ընթացիկ տարուան Մարտին Հայաստանի երկու օդակայաններուն ուղեւորներու թիւը 199,855 եղած է՝ 2018ի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 7 տոկոսով:
Տարեսկիզբէն Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններու ուղեւորներու թիւը եղած է 578,575, որ 10.2 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն ցուցանիշը: