ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Ուրբաթ, 5 Ապրիլին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մասնակցեցաւ Պաքուի Քիւրտախան աւանին մէջ տեղի ունեցած տեղահանուածներու յատուկ բնակարանային համալիրի բացման արարողութեան եւ հոն արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան կը փափաքի Արցախի հակամարտութիւնը կարգաւորել խաղաղ միջոցներով, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ Պաքու պիտի շարունակէ հզօրացնել իր ռազմական ուժերը։
«Կը փորձենք հակամարտութիւնը կարգաւորել քաղաքական, դիւանագիտական եւ խաղաղ ճանապարհով: Սակայն, այդ փափաքին զուգահեռ, մենք ռազմականօրէն աւելի պիտի հզօրանանք: Այս ուղղութեամբ, պիտի շարունակենք առնել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը», յայտարարեց նախագահը։
Ալիեւ ընդգծեց, որ 2016ի Ապրիլին տեղի ունեցած բախումները ցոյց տուած են, որ «Ատրպէյճան ընդունակ է ռազմական ճանապարհով վերականգնելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը», նոյն ժամանակ խոստանալով վերակառուցել Արցախի պատերազմին ընթացքին քանդուած բոլոր քաղաքները եւ գիւղերը, որոնք ներկայիս «բռնագրաւուած են»: