ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գործակցութեան ծրագիրի շրջագիծին մէջ, 5 եւ 6 Ապրիլին Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, գնդապետ Արտակ Դաւթեան պաշտպանութեան բանակ այցելեց: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, հազարապետ Կարէն Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ՝ Դաւթեան հարաւային եւ կեդրոնական ուղղութեամբ զօրամասերու մշտական տեղակայման վայրերը եւ առաջնագիծ այցելեց: Անոնք այցելութեան ընթացքին մասնաւոր միաւորումներու եւ զօրամասերու արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան կազմակերպման եւ զօրքերուն ներդաշնակ գործողութիւններուն վերաբերող հարցերուն ուշադրութիւն դարձուցին:
Աշխատանքային այցելութեան երկրորդ օրը գնդապետ Արտակ Դաւթեան եւ բանակի հրամանատարը կեդրոնական ենթակայութեամբ գործող զօրամասերէն մէկուն առաջնագիծը այցելեցին, ներգործող-մարտավարական իրադրութեան, կատարուած եւ տակաւին ընթացքի մէջ գտնուող երկրաչափական աշխատանքերուն ծանօթացան եւ հետաքրքուեցան դիրքապահ անձնակազմի ընկերային-կենցաղային պայմաններով: