ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 8 Ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿի խաղաղապահութեան համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան 28 Մարտէն 2 Ապրիլ, Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Նշենք, որ 29 Մարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿի խաղաղապահութեան համաժողովին եւ հանդէս եկաւ ելոյթով: