ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 23 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Վահէ Քէշիշեանի «Turkish Instinct Or The Praise Of Genocide» («Թրքական Բնազդ Կամ Ցեղասպանութեան Գովաբանումը») հատորին ներկայացումը։
Մուտքը ազատ է։
Քաղաքական գիտութեանց եւ հայագիտութեան մէջ մասնագիտացած դոկտ. Վահէ Քէշիշեան իր այս հատորով լուսարձակի տակ կ՛առնէ թրքական ազգայնամոլութեան դերակատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ զայն ուրանալու ջանքերուն մէջ։
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին: