ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքամէջի հանրային գրադարանի սրահին մէջ, Հինգշաբթի, 25 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ ներկայիս Զուիցերիա հաստատուած արուեստագէտ Ալինա Մնացականի նոր հրատարակուած՝ «One Person Died» («Մէկ Հոգի Մեռաւ») երկհատորին ներկայացումը։ Գործին առաջին հատորը 500 էջնոց եւ միայն 100 օրինակով տպուած լաթակազմ հրատարակութիւն մըն էր, որ խորագիրը կրկնուած է 1.5 միլիոն անգամ, իւրայատուկ կերպով ներկայացնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը։ Երկրորդ հատորին մէջ, հեղինակին կողքին, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող յօդուածներ ունին հետեւեալները՝ Քարին Թիսօ, Մարիօ Քասանովա, Ալիս Հենքես, Ռամելա Գրիգորեան եւ Սուրէն Մանուկեան։
Ներկայացումէն անմիջապէս առաջ, երեկոյեան ժամը 6ին, տեղի պիտի ունենայ «Զուգահեռ պատմութիւններ» խորագրուած քննարկում մը, նոյն գրադարանին «ՌիֆլեքթՍփէյս» ցուցադրասրահին մէջ, ուր 19 Ապրիլին պիտի սկսի հայկական Սփիւռքին նուիրուած խմբային իւրայատուկ ցուցահանդէս մը՝ «Սեմ. Հայկական Անցքեր» ընդհանուր խորագիրին տակ, որ լուսարձակի տակ պիտի առնէ Սոֆիա Գասպարեանի, Գալուստ Կիւտելի եւ Գեղամ Խաչերեանի ստեղծագործութիւնները։
Գրադարանին հասցէն է՝ 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205։
Արուեստագէտին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.alinamn.com կայքը։