Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019ի երեկոյեան, դարձեալ եռուզեռի մէջ էր ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կեդրոնի «Գէորգ Անտոնեան» սրահը, ուր համախմբուած էին մեծ թիւով ՀՄԸՄականներ՝ մասնակցելու համար իրենց սիրելի եղբօր՝ Համլէթ Չրախչեանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն «Արժանեաց» շքանշանի պարգեւատրման ձեռնարկին:
Ներկայ էին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Վիգէն Դաւիթեան, Օշին Փիրումեան եւ Արմանտօ Թորգոմեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Գարմէն Օհանեան եւ Աւետիք Իզմիրլեան, ՀՄԸՄի մօտ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան եւ Ռազմիկ Շիրինեան, ՀՄԸՄի Անցեալի Կեդրոնական վարչութեանց անդամներ, Նաւասարդեան Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահներ եւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ներ, անցեալի եւ ներկային Շրջանային վարչութեանց անդամներ, մասնաճիւղերու ատենապետներ, Չրախչեան ընտանիքը եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Շրջանային վարչութեան անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեց Նորա Չափարեան:
Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց աշխատանքային այցելութեամբ շրջանը գտնուող ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ առաջին հերթին ընդգծեց ՀՄԸՄի հզօրութիւնը եւ անոր ուժականութեան նպաստող միութենականներու միասանականութիւնը, որոնք արդար հպարտութեան առիթ ստեղծող հանգամանքներ են: Այս իմաստով, ան առաւել խորանալով՝ ըսաւ. «ՀՄԸՄը արդար հպարտութեամբ կը պարծենայ իր իրագործումներով եւ հսկաներով լեցուն անցեալով: ՀՄԸՄը արդար հպարտութեամբ կը պարծենայ իր այսօրուայ անկախութեան ձեռքբերումներով: ՀՄԸՄը բոլոր տուեալները ունի նաեւ հպարտ ըլլալու իր խոստմնալից պատանիներով եւ վստահութիւն ներշնչող երիտասարդութեամբ, որոնք մեր վաղուան դրամագլուխն են: 100ամեակին առիթով Լիբանան, Փարիզ եւ Պոլիս մեր հիմնադիրներու շիրիմներէն, ինչպէս նաեւ Արարատ լերան կատարէն ՀՄԸՄական խմբապետ-խմբապետուհիներու կատարած ուխտը վկայ, այդ սրբազան վայրերէն բերուած բուռ մը հողը եւ վառած ջահը վկայ, ՀՄԸՄի վաղուան սերունդը փայլուն ձեւով պիտի ցոլացնէ իր միութենական կազմաւորումը եւ առօրեայ ապրումի պիտի շարունակէ վերածել «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» գաղափարախօսութիւնը: Ուրեմն, յառա՛ջ հաստատ քայլերով եւ խիտ շարքերով, դէպի նորանոր բարձունքներ եւ նուաճումներ: Յառա՛ջ դէպի նորանոր ամեակներ եւ մրցանիշներ: Յառա՛ջ պատուաբեր անցեալէն՝ յաղթական ապագայ»:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն՝ կեդրոնացաւ երեկոյի նպատակին եւ ըսաւ. «Այսօրուան մեծարեալը, բոլորիս ծանօթ եղբ. Համլէթ Չրախչեանն է, որուն անձնապէս ճանչնալու եւ մօտէն գործակցելու առիթը ունեցած եմ ՀՄԸՄի միջոցաւ: Եղբ. Չրախչեանի միութենական գործունէութիւնը մեծապէս տպաւորած է զիս եւ իւրայատուկ կապ մը ստեղծած է մեր միջեւ, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի»:
Ապա, անդրադառնալով Չրախչեանի միութենական գործունէութեան, ան շարունակեց՝ ըսելով. «Եղբ. Չրախչեան միութենական իր գործունէութիւնը սկսած է 1950ական թուականներուն Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) մէջ, իբրեւ մարզիկ, լեռնագնաց եւ չմշկող: Ղեկավարի իր յատուկութիւններուն շնորհիւ, ան վարած է նաեւ վարչական պաշտօններ նոյն միութեան մէջ: Ամերիկա փոխադրուելով՝ ան շարունակած է իր միութենական գործունէութիւնը ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին մէջ՝ իբրեւ վարչական, ատենապետ եւ համեստ միութենական: Այնուհետեւ, մասնաճիւղային սահմաններէն դուրս գալով, ան ՀՄԸՄին ծառայած է՝ իբրեւ Շրջանային վարչութեան Տնտեսական յանձնախումբի անդամ, Շրջանային վարչութեան ատենապետ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ, չմոռնալով իր օգտակար ներդրումը հայրենի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի զարգացման մէջ: Եղբայրը, անձնազոհ միութենական իր գործունէութեան համար 2014ին, Շրջանային վարչութեան կողմէ արժանացած է տիպար ՀՄԸՄականի տիտղոսին, իսկ 2018ին սիրայօժար ստանձնած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 43րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը, զոր պատասխանատուութեամբ կը շարունակէ»:
Եղբ. Թիւֆէնքճեան յատկապէս ընդգծեց Չրախչեանի իրաւ ՀՄԸՄականի տիպարը, որ կը յատկանշուի իր յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձնելու հանգամանքով, իր սիրելի կազմակերպութիւնը եւ ժողովուրդը: Եղբ. ատենապետը չմոռցաւ նաեւ յիշելու տիկ. Կրէթա Չրախչեանի կարեւոր դերը մեծարեալի կեանքին մէջ, որ սիրելի կողակից եւ գուրգուրոտ մայր ըլլալուն առընթեր, դէպի ՀՄԸՄը առաջնորդած է իրենց զաւակները, որոնք իրենց հօր օրինակին հետեւելով, մեծապէս կը նպաստեն անոր վերելքին:
Այնուհետեւ, ներկայացնելով ՀՄԸՄի բարձրագոյն «Արժանեաց» շքանշանի կանոնագրային բացատրութիւնը՝ ան բեմ հրաւիրեց անոր արժանաւոր մեծարեալը եւ անոր համեստափայլ կինը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Մկրտիչեանը, որպէսզի յանձնէ ակնարկուած շքանշանը եղբ. Չրախչեանին, առ ի գնահատանք միութենական իր բեղուն գործունէութեան:
Շքանշանի յանձնումի արարողութենէն ետք, սրտի իր խօսքը փոխանցեց Համլէթ Չրախչեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄական իր քոյր-եղբայրներուն, իրեն ընծայուած պատիւը կիսելով անոնց հետ: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան, զինք այս մեծարումին արժանի գտնելուն, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան՝ համապատասխան դիմումին ընդառաջելուն համար: Ապա, ան փափաք յայտնեց, որ «միւս տարիներին, Միացեալ Նահանգներում աւելի շատ անդամներ արժանանան այս շքանշանին: Կարեւոր է, որ այս շքանշանը եւ այս պարգեւատրումը բաժանենք ինչքան որ շատ կարող ենք մեր ՀՄԸՄականների մէջ: Կարեւոր հարց է: Չպահենք էս շքանշանը միայն Կեդրոնական վարչութեան», ըսաւ եղբայրը եւ վստահեցուց, որ այս շքանշանին արժանաւոր շատ ՀՄԸՄականներ կան Սփիւռքի, Հայաստանի, Եւրոպայի եւ Լիբանանի մէջ:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան, որ շնորհաւորելով եղբ. Չրախչեանի պարգեւատրումը՝ հպարտանք յայտնեց, որ մօտէն ճանչցած է զինք, տպաւորուած անոր միութենական տիպարով եւ շատ բան սորված է իրմէ: «Եղբ. Համլէթ Չրախչեան եղած է իմ mentor-ը, որմէ շատ բան եմ սովորել», ըսաւ եղբայրը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, իր այն միութենական դաստիարակին, որուն հետ նաեւ գործակցած է ՀՄԸՄի մէջ:
Շնորհաւորելի երեկոյի պաշտօնական յայտագրի աւարտէն ետք, ներկաները առիթը ունեցան իրարու հետ զրուցելու, ՀՄԸՄական գեղեցիկ յուշեր վերապրելու, անձնապէս շնորհաւորելու օրուան մեծարեալը եւ յիշատակի նկարներ ունենալու անոր հետ: Մեծարման գեղեցիկ այս ձեռնարկը վերջ գտաւ ուշ երեկոյեան: Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, անգամ մը եւս ՀՄԸՄական ըլլալու հպարտանքը ապրելով. այն միութեան, որ գիտէ արժեւորել իր անդամները:
ԱՐԵՆՈՒՇ