ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիուսըմ Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին առիթով, «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է. «Եկէք վերահաստատենք, որ մենք երբեք պիտի չմոռանանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միշտ հանդէս պիտի գանք ատելութեան եւ չարագործութիւններու դէմ, ուր ալ որ անոնք պատահին»:
Գրութեան կից ան հրապարակած է իր ստորագրած հռչակագիրը, որով 24 Ապրիլ 2019ը Քալիֆորնիոյ մէջ կը հռչակուի՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր: