ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին վերաբերեալ գրաւոր յայտարարութիւն մը տարածեց:
Կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կուսակցութիւնը կը կիսէ հայութեան 104 տարիներու ցաւը, յարգանքով կը յիշէ բոլոր զոհերը եւ կը շեշտէ, որ 1915ին կատարուածը ծրագրուած ցեղասպանութիւն էր:
«24 Ապրիլ 1915ին սկսած Մեծ Եղեռնը ծրագրուած ցեղասպանութիւն էր՝ ցեղային եւ կրօնական հողի վրայ։ Անոր վրայէն արդէն անցած է 104 տարի: Գործընթացը սկսաւ 200էն աւել հայ մտաւորականներ մահուան ուղարկելով եւ շարունակուեցաւ 100 հազարաւոր հայերու աքսորով ու անոնց մեծամասնութեան համակարգուած սպանութեամբ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Քրտամէտ կուսակցութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր եւս կը շարունակուի գործադրուիլ այն քաղաքականութիւնը, որուն նպատակն է բազմազանութիւնը ջնջել եւ միատարր հասարակութիւն ստեղծել՝ «մէկ ազգ, մէկ կրօն եւ մէկ լեզու» գաղափարը գերակայ դարձնելու համար։