ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, «Հայոց Յիշատակի Օր»ուան վերաբերեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանդէս եկաւ Ապրիլ 24ի առիթով իր երրորդ ուղերձով: Եւ երեք տարի անընդմէջ ան չհամարձակեցաւ օգտագործել ճիշդ եզրը՝ «ցեղասպանութիւն» բառը, օսմանեան թրքական կառավարութեան կողմէ 1.5 միլիոն անմեղ հայ կիներու, մանուկներու եւ տղամարդոց բնաջնջումը նկարագրելու համար։
Հիմնականօրէն, Թրամփ կրկնեց այն նոյն խօսքերը, զորս ան չնչին փոփոխութիւններով օգտագործած էր վերջին երկու տարիներուն: Ան կրկին օգտագործեց «Մեծ Եղեռն» հայերէն եզրը՝ զանգուածային սպանութիւնները «ցեղասպանութիւն» կոչելէ խուսափելու համար: Մեծ Եղեռնը պարզապէս նկարագրութիւն է, որ հայ ժողովուրդը կիրարկած է մինչեւ Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի ստեղծումը, 1940ականներուն, մինչդեռ «ցեղասպանութիւն»ը միջազգային իրաւունքի եզր է եւ ունի իրաւական հետեւանքներ: Բացի այդ, եթէ Թրամփ հաստատակամ է հայերէն բառ օգտագործելու հարցով, ապա ան պէտք է արտասանէր հայերէն «ցեղասպանութիւն» բառը…
Բազմաթիւ հայեր Թրամփի ընտրուելէն ետք յոյսեր կը փայփայէին, որ ապաւինելով իր անկանխատեսելի մղումներուն՝ ան հայերու զանգուածային սպանութիւնները կը նկարագրէ իբրեւ ցեղասպանութիւն՝ անտեսելով իր օգնականներուն խորհուրդը եւ իր նախորդներուն դիրքորոշումը: Դժբախտաբար, Թրամփ շատ քիչ բան գիտէ ամերիկահայերուն մասին եւ քիչ կը մտահոգուի անոնց հարցերով: Ցեղասպանութեան հարցին Թրամփ ուշադրութիւն կը դարձնէ միայն այն ատեն, երբ ամերիկահայերը քաղաքական շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենան:
Թրամփի կողմէ մեծ խիզախութիւն չի պահանջուիր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելու համար, որովհետեւ նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն զայն արդէն օգտագործած է իր նախագահական հռչակագիրին մէջ, 22 Ապրիլ 1981ին: Իրականութեան մէջ, ամերիկահայերը կարիք չունին, որ Թրամփ որեւէ բան ըսէ Ապրիլի 24ին, եթէ ան չի կրնար եղածը անուանել «ցեղասպանութիւն»: Միացեալ Նահանգները արդէն բազմիցս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ի յաւելումն Ռեկընի յայտարարութեան՝ Ներկայացուցիչներու տունը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յաջորդաբար երկու բանաձեւ ընդունած է՝ 1975ին եւ 1984ին, իսկ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 1951ին պաշտօնական փաստաթուղթ ուղարկած է Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան)՝ հայերու զանգուածային սպանութիւնները ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ:
Այսուամենայնիւ, Թրամփի ոչ-ամբողջական յայտարարութիւնը Հայկական Հարցին համար ունի երկրորդական կարգի քանի մը օգուտներ.
- Անիկա սարսափելիօրէն կը զայրացնէ թուրք ղեկավարները, որոնք կարծես թէ կ՛ամչնան եւ կը վրդովին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը աշխարհին կը յիշեցնէ «20րդ դարու զանգուածային վատթարագոյն վայրագութիւններէն մէկ»ուն մասին՝ պնդելով, որ «1915էն սկսեալ, Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ընթացքին, մէկ ու կէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններու, կոտորածներու եւ մահուան երթերու»: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու զայրոյթով եւ ժխտումով ընդունեցին Թրամփի Ապրիլ 24ին յայտարարութիւնը:
- Նախագահ Թրամփի եւ անոր նախորդներուն յայտարարութիւնները ամէն տարիքաղաքական մեծ արձագանգ կը յառաջացնեն ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ միջազգային մամուլին մէջ ստեղծելով զանգուածային հրապարակայնութիւն, ինչ որ աւելի եւս կը բորբոքի թուրք ղեկավարներու ժխտումներով։
24 Ապրիլ 2019ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր յայտարարութիւն մը ըրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին վերաբերեալ: Զարմանալիօրէն, անոր յայտարարութեան մէջ Թուրքիան կամ Օսմանեան կայսրութիւնը չյիշատակուեցաւ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն իրագործող…: Ասիկա ցաւալի թերութիւն է վարչապետին եւ անոր օգնականներու կողմէ: Ես չեմ կարծեր, որ ասիկա դիտաւորեալ եղած է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ յայտարարութեան մէջ լուրջ յղում կատարուած է հայերու կողմէ՝ իրենց հայրենիքի կորստեան մասին, մարդկային կորուստներէն բացի: Նախապէս, Հայաստանի ղեկավարները ձեռնպահ մնացած են Թուրքիայէն տարածքային պահանջներու հարց բարձրացնելու գծով:
Նոյն ժամանակ, Ապրիլ 24ին, Անգարայի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, Էրտողան հանդէս եկաւ բացառիկ խայտառակ յայտարարութեամբ. «Արեւելեան Անատոլիոյ մահմետական բնակիչներուն, անոնց շարքին՝ կիներ եւ մանուկներ կոտորած հայկական աւազակախումբերու եւ վերջիններուս աջակիցներուն աքսորը ամէնէն ողջամիտ քայլն էր, զոր կարելի էր իրագործել նման ժամանակաշրջանի մը մէջ»:
Էրտողան անամօթաբար կը մեղադրէ հայ զոհերը՝ ոճրագործ թուրքերու դէմ զանգուածային յանցագործութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով: Սա խայտառակ սուտ է, որ համարժէք է Ողջակիզման ընթացքին հրեաները մեղադրելուն՝ գերմանացիներ սպաննելու յանցանքով: Էրտողան կը տառապի հոգեկան լուրջ հիւանդութենէ։
Զարմանալի զարգացումով մը վարչապետ Փաշինեան խստօրէն արձագանգեց Էրտողանի աղտոտ սուտերուն: Փաշինեան Էրտողանի յայտարարութիւնը նկարագրեց իբրեւ «ատելութեամբ լի» եւ կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան, որ արձագանգէ՝ ըսելով «Այն օրը, երբ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը սգար Օսմանեան կայսրութեան գործած Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիա, այս երկրի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, յայտարարութեամբ մը վերահաստատեց 20րդ դարու ամէնէն մեծ ոճրագործութեան ժխտումը, զայն անուանելով միայն «հայերու տեղահանութիւն»: Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ հայ բնակչութիւնը, որ ենթարկուեցաւ զանգուածային սպանդի եւ տեղահանութեան մահուան երթերու, «հայ աւազակախումբեր եւ անոնց աջակիցներ» անուանելը, 1.5 միլիոն բնիկ բնակչութեան կոտորածը «ամէնէն ողջմիտ քայլ» որակելը ոչ միայն ժխտողականութեան նոր մակարդակ է, այլ նաեւ՝ ամբողջ ազգի մը սպանդի արդարացում: Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին օրը կատարուած յայտարարութիւնը խորին վիրաւորանք է հայ ժողովուրդին եւ մարդկութեան համար, այլեւ ծայրայեղ ատելութեան խօսք՝ անձամբ Էրտողանի կողմէ: Աշխարհը պէտք չէ լռէ»:
Մենք ոգեւորուած ենք, որ վարչապետ Փաշինեան բարձրացուցած է Թուրքիայէն հայկական տարածքներու պահանջի հարցը. պահանջ, զոր Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս պէտք է հետապնդէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ