ՍԱՆԻՎԷՅԼ, Քալիֆորնիա.- Ծովածոցի «Պէյ Էրիա Տրամա» թատերախումբը 7 Յունիսէն սկսեալ բեմ պիտի բարձրացնէ ցեղասպանութեան նուիրուած թատերական ներկայացում մը՝ «State of Denial» («Ուրացման Վիճակ») խորագիրով, բեմադրութեամբ Քիմպըրլի Ռիճուէյի։ Գործը առաջին անգամն ըլլալով պիտի ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Գանատացի հեղինակ Ռահուլ Վարմայի գործը պատմութիւնն է ռուանտացի-գանատացի բեմադրիչի մը, որ ցեղասպանութեան նուիրուած իր յաջորդ ֆիլմին համար Թուրքիա կը ճամբորդէ եւ տարեց իսլամ կնոջ մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կը բացայայտէ, որ ան Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, իր կեանքը վտանգելով՝ օգնած է վերապրողներու։
Թատերագիրը կը շեշտէ, թէ յոյժ կարեւոր է ցեղասպանութեանց պատմութիւնները լուսարձակի տակ պահել, այդ միջոցաւ ապագայի ցեղասպանութեանց առաջքը առնելու համար։
7 Յունիսէն սկսեալ եւ մինչեւ Յունիս 15, Ուրբաթ (երեկոյեան ժամը 8ին), Շաբաթ (երեկոյեան ժամը 6ին), եւ Կիրակի (կ.ե. ժամը 2ին) օրերուն վեց ներկայացումներ տեղի պիտի ունենան «Սանիվէյլ» թատերասրահին մէջ եւ իւրաքանչիւրի աւարտին ներկաները առիթը պիտի ունենան հարցումներ հարցնելու Վարմային։
Տոմսերու սակը 24էն 48 տոլար է։ Թատերասրահին հասցէն է՝ 550 E. Remington Dr., Sunnyvale, CA 94087։
Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ տոմսեր ապահովելու համար՝ դիմել (408) 458-9375 թիւին կամ այցելել www.bayareadrama.company/state-of-denial կայքէջը։