ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանի հիմնադրութեան 39րդ ամեակի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 6 Ապրիլ 2019ի յետմիջօրէին, «Տէ Լաքս Պենքուըթ Հալ» ճաշասրահին մէջ, ներկայութեամբ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի հիմնադիրներուն, բարերարներուն, ծնողներուն եւ պաշտօնէութեան։
Առաջին առիթով Նարօտ Էքմէքճեան ներկաները ողջունեց «Բարեւ» իւրայատուկ քերթուածի իր հարազատ արտայայտութիւններով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքեր ուղղուեցան Էտ Յարութիւնեանի եւ պատուելի Ռիչըրտ Աֆշարեանի կողմէ։
Ազգային քայլերգները մեկնաբանուեցան Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի աշակերտներուն կողմէ, ապա բացման աղօթքը կատարեց վեր. Վաչէ Էքմէքճեան։
Պահն էր հրամցնելու համադամ ընթրիքը, որուն ընթացքին ազգային երգերով եւ թովիչ ձայնով երեկոն ճոխացուց երգչուհի Արաքսիա Ամիրխանեան։
Միջոցառումը ձօնուած էր հայ բանաստեղծութեան, այդ իսկ պատճառով, յատուկ կերպով հրաւիրուած էր վաստակաւոր բանաստեղծ եւ ուսուցիչ Ժագ Յակոբեանը, որ իր հեղինակած քերթուած մը արտասանեց՝ մեծ ոգեւորութեամբ թնդացնելով սրահը ջերմ ծափողջոյններով։
Օրուան բանախօսն էր Քեվըն Մաթոսեան, որ շեշտեց ուսման կարեւորութիւնը եւ վեր առաւ առաքելութիւնը Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի, ուր փոքրիկները կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն։
Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի աշակերտները հայաշունչ կերպով ասմունքեցին, գրաւելով ներկաներուն մեծ ուշադրութիւնը։
Տնօրէնուհի Մարալ Պօյաճեան իր կարգին ողջունեց ներկաները։ Ան շնորհակալական եւ երախտագիտական զգացումներ յայտնեց դպրոցիս հիմնադիրներուն, եւ մանաւանդ մեր ծնողներուն, որոնք իրենց թանկագին զաւակները վստահած են Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի ջամբած ուսման եւ դաստիարակութեան։
Ան նշեց նաեւ աշակերտներուն ապահոված յաջողութիւնները միջվարժարանային տարբեր մրցումներուն մէջ։
Հոգաբարձութեան ատենապետուհի Սօսի Աստուրեան նոյնպէս իր գոհունակութիւնը յայտնեց Սահակ-Մեսրոպի ընտանիքին, Սահակ-Մեսրոպի առաքելութեան նուաճումներուն մասին, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։
Կարդացուեցաւ ծերակուտական Անթոնի Փորթանթինոյի ուղարկած գնահատագիրը դպրոցիս 39ամեայ ծառայութեան համար։
Յատուկ պարգեւատրումի արժանացան բազմավաստակ կրթական մշակներ, որոնք երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով ծառայած են Սահակ-Մեսրոպի մէջ. կը յիշենք Լիւսի Ապաճեանը, Ռաֆֆի Ղազարեանը, Արտա Իփէկեանը եւ Մարալ Պօյաճեանը։
Պատուելի Մանօ Ակիւլեան իր կարգին մարտահրաւէր մը կատարելով՝ կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնլու դպրոցիս բարոյական եւ տնտեսական աշխատանքներուն, ի գին ամէն զոհողութեան պահպանելով դպրոցը եւ գոհացնելով աշակերտներուն պահանջքները կերտելու համար տիպար հայորդիներ։
Այսպիսով կատարուեցան ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ։
Յայտագիրը փակուեցաւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի աղօթքով եւ «Պահպանիչ»ով։
Ներկաները բաժնուեցան սրահէն բաւարարուած սոյն միջոցառումէն՝ գոհանալով, որ իրենց զաւակները ճիշդ ուղիով կ՛առաջնորդուին Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին մէջ։
Վարձքը կատա՛ր բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն եւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի անունը վառ պահող անձերուն։
Բարի ե՛րթ Սահակ-Մեսրոպ վարժարան՝ դէպի աւելի բարձր վերելքներ։