Թ. Շ.
11 Մայիսին, փարիզեան շրջանի Օպերվիլիէի «Dock Eiffel» աստղազարդ յարկին տակ տեղի ունեցաւ Դպրոցասէր վարժարանի 140ամեակին (1879-2019) նուիրուած ձեռնարկներու փակման հանդիսութիւնը: Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ համախմբուած էին աւելի քան 700 հանդիսականներ, որոնցմէ շուրջ 200ը դպրոցի հին ու նոր աշակերտներն էին, շրջապատուած ուսուցիչներու, ծնողներու, պատասխանատուներու եւ տնօրէն Հայկ Սարգիսեանի կողմէ:
Երեկոյթին երաժշտական բաժինը ապահովեցին երկու երիտասարդ ուժեր՝ Արաբօ Իսփիրեան (յատկապէս Հայաստանէն հրաւիրուած) եւ շնորհալի երգչուհի Անգինէն, որ մասնակցեցաւ իր նուագախումբով: Իսկ «Արարատ» պարային համոյթը հանդէս եկաւ հայկական ժողովրդական պարերով:
Բեմին վրայ, ձեռք-ձեռքի տուած էին հայրենիքը եւ Սփիւռքը: Արաբօն արդէն ծանօթ անուն մըն է, իսկ Ֆրանսա հասակ նետած Անգինէն իր ազգագրական եւ ժողովրդական երգերով մասնագէտներու իսկ կարծիքով– խոստմնալից արուեստագիտուհի է՝ թէ՛ իր ձայնով եւ թէ իւրայատուկ ոճով ու երգացանկով:
Առիթէն օգտուելով, հոս կ՛արժէ անդրադառնալ Դպրոցասէրի շրջանաւարտ աշակերտներու միութեան (L՛Association des anciens eleves de Tebrotzassere) գործունէութեան եւ կարեւոր դերակատարութեան: Անիկա կազմուած է 12 Յունիս 2016ին, նպատակ ունենալով ի մի բերել շրջանաւարտ աշակերտները, որպէսզի անոնք չցրուին եւ դպրոցին ու համայնքին հետ անոնց կապը չկտրուի: Միութեան ատենապետ Սեւակ Սարիքայա կ՛ըսէ. «Ներկայիս 34 անդամ ունինք եւ երկու շաբաթը անգամ մը կը հաւաքուինք ու միասնաբար կը ծրագրենք դպրոցին ի նպաստ մեր ապագայ ընելիքները: Մտադիր ենք հայահոծ այլ արուարձաններուն (Ալֆորվիլ, Իսի-լէ-Մուլինօ, Արնուվիլ…) մէջ ալ հանդիպումներ կազմակերպել, որպէսզի տեղւոյն նախկին շրջանաւարտներն ալ քաջալերուին եւ միանան մեր աշխատանքին: Անշուշտ դուռը բաց կը ձգենք ընդհանրապէս երիտասարդութեան առջեւ»:
Դպրոցասէրը իր հիմնադրութեան 140ամեակին առիթով լոյս ընծայած է 60 էջերէ կազմուած տեղեկատուական պատկերազարդ գրքոյկ մը, որուն տնօրէնութեան խօսքին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Այսօր բոլորս պէտք ունինք մեր ուժերը կեդրոնացնելու ազգային եւ մշակութային լաստին՝ հայկական ամէնօրեայ դպրոցին վրայ, ուր մեր մատղաշ սերունդը իր հարազատ կրթարանին մէջ կրնայ կերտել իր հայ ինքնութիւնը: Թող մշտավառ մնայ կրթական այս փարոսը եւ շարունակէ պարգեւել մեր համայնքին ու հայրենիքին օգտակար տարրեր եւ լուսամիտ քաղաքացիներ»:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»