ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 19 Մայիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) «Վէմ» լարային քառեակին տարեկան երկրորդ համերգը, ԹՄՄի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ:
Առաւել քան հարիւր կոչնականներ կանուխէն փութացած էին վերոյիշեալ սրահը՝ ունկնդրելու հայկական երգն ու երաժշտութիւնը, օտար արուեստագէտներու կատարողութեամբ:
Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ Գէորգ Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկայ մշակութասէր ազգայիններուն, ապա ան հրաւիրեց «Վէմ» լարային քառեակի գեղարուեստական ղեկավար փրոֆ. Մովսէս Պօղոսեանը, որ ներկայացնէ արուեստագէտները եւ ընթացք տայ յայտագիրին:
Փրոֆ. Պօղոսեան բարձր գնահատեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը, որ երկրորդ տարին ըլլալով նիւթապէս սատար կը հանդիսանար «Վէմ» լարային քառեակին, որ գոյատեւէ եւ շարունակէ իր ազգօգուտ առաքելութիւնը: Ան ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ԹՄՄի Կեդրոնական վարչութեան, որուն հովանաւորութեամբ «Վէմ» լարային քառեակը կատարած էր շրջապտոյտ մը, հանդէս գալով՝ Մոնթրէալի, Տիթրոյթի, Պոսթընի, Կլենտէյլի եւ Ալթատինայի մէջ: Ան ապա հպարտութեամբ նշեց, որ այս խումբը պիտի մեկնի Հայաստան, ելոյթ ունենալու քաղաքամայր Երեւանի մէջ: Մայէսթրօ Պօղոսեան, ներկայացնելով քառեակին անդամները՝ նշեց, թէ անոնցմէ երկուքը՝ առաջին ջութակահար Ճի Եուն Ուանկ եւ երկրորդ ջութակահար Այիքօ Ռիխթըր շրջանաւարտ ըլլալով՝ պիտի ձգեն խումբը, իսկ ջութակահար Մորկըն Օ՛Շենըսի եւ թաւջութակահար Ճէյսըն Փեկիս պիտի շարունակեն մնալ խումբին մէջ:
Գալով մեցցօ-սոփրանօ Տանիէլ Սեկընին, որ հինգ տարիէ ի վեր անդամ է խումբին, պիտի շարունակէ մնալ: Տանիէլ 2015ին գացած էր Հայաստան եւ առաջին անգամն ըլլալով երգած էր Գեղուհի Չիթչեանի «Մանուշակին» երգը, հեղինակին ներկայութեամբ: Տանիէլ մեծապէս տպաւորուած էր հայրենի երաժշտասէր հասարակութեամբ:
Խնամքով պատրաստուած յայտագիրը ընթացք առաւ հետեւեալ կարգով՝ լարային քառեակին մեկնաբանութեամբ հրամցուեցաւ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» պալէէն «Աղջկանց Պարը» եւ Կոմիտասի «Կարմիր Շալ»ը եւ «Ամպել Ա»ն:
Ապա, Սեկըն ապրումով մեկնաբանեց Գեղուհի Չիթչեանի «Մանուշակին» երգը: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս հովը մանուշակը կը պոկէ իր արմատէն, որպէսզի հետը տանի եւ պտըտցնէ աշխարհը, ծայրէ-ծայր, սակայն մանուշակը ակամայ կը թորոմի եւ կը չքանայ: Սեկընի նաեւ մատուցեց Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններէն երգի վերածուած երեք ոտանաւորներէն երկրորդը՝ «Փափաք»ը, որուն երաժշտութեան հեղինակն է լոսանճելըսաբնակ երգահան Արտաշէս Գարթալեան: Այս մէկը առաջին անգամն ըլլալով կը ներկայացուէր ԹՄՄի կազմակերպած շրջապտոյտին ընթացքին:
Թէքէեանի երգի վերածուած միւս երկու բանաստեղծութիւններն են՝ «Ես Սիրեցի»ն եւ «Հաշուեյարդար»ը:
Ապա հրամցուեցաւ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս»էն «Վալս» կտորը, լարային քառեակին մեկնաբանութեամբ եւ Կոմիտասի «Չինար Ես»ը եւ «Կաքաւիկ»ը։
Յայտագիրի վերջին մասով դարձեալ բեմ հրաւիրուեցաւ Տանիէլ Սեկընը, որ ներկայացուց Ալան Յովհաննէսի «Եար Նազանի»ն: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս երիտասարդ սիրահարը ճամբայ ելած էր գտնելու իր սազն ու հոգեհատորը:
Առ ի գնահատանք՝ հանդիսատեսները յոտնկայս ծափահարութեամբ ողջունեցին արուեստագէտները:
Յայտագիրին աւարտին, Գէորգ Քէօշկէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտներուն, գեղարուեստական ղեկավար Մովսէս Պօղոսեանին եւ հանդիսատեսներուն, ապա հրաւիրեց բոլորը, որ մասնակցին հիւրասիրութեան եւ նոյն ժամանակ մօտէն ծանօթանան արուեստագէտներուն:
«Նոր Օր»