

ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) 16 Մայիսին, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին, ընկերակցութեան «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի Հայագիտութեան եւ վրացագիտութեան կեդրոնի ղեկավար դոկտ. Լեւոն Աւտոյեանին, բարձր գնահատելով վերջին առաւել քան չորս տասնամեակներուն ընթացքին հայագիտութեան մարզին անոր տրամադրած սպասարկութիւնները։
Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հաւաքին ներկայ էին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպաններ՝ Մայքըլ Լեմըն եւ Ճան Էվընզ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի դեսպանատունէն դիւանագէտներ եւ ամերիկահայ կազմակերպութեանց եւ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ վեր առնելով Աւտոյեանի նեդրումները եւ իրագործումները։ Ան յատկապէս յիշեց, թէ Լեւոն Աւտոյեանի ջանքերով Քոնկրեսի գրադարանին մէջ 2012ին տեղի ունեցաւ Հայ տպագրութեան 500ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, որ վեց ամիսներու ընթացքին առաւել քան 200,000 այցելուներ կրցաւ ծանօթացնել հայերէնով տպագրութեան պատմութեան եւ հայ մշակոյթին:

Ապա խօսք առաւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան նախագահ փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան, մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելով ընկերակցութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներուն մասին։ Ապա Տէր Մաթոսեան անդրադարձաւ մեծարեալին իրագործումներուն եւ ընկերակցութեան «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը յանձնեց անոր։
Աւտոյեանի գործունէութեան մասին վկայութիւններ տուաւ նաեւ Քոնկրեսի գրադարանի Ափրիկէ եւ Միջին Արեւելքի բաժանմունքի կեդրոնի նախկին վարիչ դոկտ. Մերի Ճէյն Տիպ, նշելով, որ Քոնկրեսի գրադարանին մէջ Աւտոյեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն ընթացքին հայկական գիրքերուն թիւը 7000էն հասած է 47,000ի, նոյն ժամանակ հայկական մշակոյթը ծանօթացնելով օտարներուն։
Մեծարեալին երկարամեայ բարեկամ դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեան եւս դրուատեց Աւտոյեանի աշխատանքը, որմէ ետք Աւտոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն եւ իրեն շնորհուած այս պատիւին համար։
