ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիա 12 Յունիսին, խստօրէն արձագանգեց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող յայտարարութիւնը դատապարտող Հոլանտայի խորհրդարանին մէկ օր առաջ վաւերացուցած բանաձեւը:
Թրքական «Անատոլու» լրատուական կայքը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած գրաւոր յայտարարութեան մէջ Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւը որակուած է իբրեւ «անհիմն յերիւրանք» եւ ներկայացուած է այն պնդումը, թէ որոշումը տրուած է «հակաթրքական շրջանակներու նախաձեռնութեամբ»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ ազդարարուած է, որ բանաձեւին վաւերացման նպաստած ուժերուն քայլերը «անպատասխան պիտի չմնան» եւ շեշտուած է, որ Հոլանտայի խորհրդարանի այդ քայլը չի կրնար դրական ազդեցութիւն ունենալ թուրք-հոլանտական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ:
Յիշեցնենք, որ Հոլանտայի խորհրդարանը այս քայլին դիմած էր՝ հակադարձելով Էրտողանին կողմէ այս տարուան Ապրիլ 24ին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին յղուած «ցաւակցական» նամակին մէջ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը «պատերազմի զոհեր» նկատելու Էրտողանի արարքին, որ համազօր է ուրացման։