ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Յունաստան եւ Աթէնք կարելի չէ մտածել առանց Յովսէփի: Յունահայութեան զարկերակ «Ազատ Օր»ի բազմաթիւ տարիներու խմբագիր, միութենական եւ կուսակցական կեանքին մէջ միշտ ներկայ եւ անձնդիր ծառայող Յովսէփը ճանչցած էի Պէյրութի Ճեմարանը յաճախած տարիներուն: Հակառակ մեր տարիներու տարբերութեան, հետզհետէ դարձած էինք սրտակից ընկերներ: Կը հանդիպէինք Պէյրութ, Աթէնք, Հայաստան:
Անակնկալ հրաժեշտ, քանի որ իր տարիքի լիութեան մէջ էր Յովսէփ: Ձերբազատուած ըլլալով անհատական առօրեայի մտմտուքներէն, ինքզինք եւ իր ժամանակը նուիրած էր բազմերես հայ կեանքին: Կը մտածէր նոր հրատարակութիւններու մասին: Այս բոլորին կողքին, մանաւանդ, եւ այս աւուր պատշաճի խօսք չէ, լաւ ընկեր էր, մարդոց լաւ կողմերը տեսնելու միշտ տրամադիր: Ժողովական կեանքը ձանձրալի չէր համարեր, այլ՝ անհրաժեշտ հաւաքականութեան ուժականութիւնը պահելու համար, երբ նահանջը հետզհետէ կը դառնար կանոն:
Յովսէփը ունէր նաեւ առաքինութիւն մը. յարգանքը: Նոյնիսկ երբ իր ընկերները, տարիքի կամ այլ պատճառներով, կը դադրէին ընկերութեան մէջ երեւնալէ, ինք անոնց հետ կը պահէր կապերը, որպէսզի անոնք չխորհէին, թէ մոռցուած էին, ինչ որ սովորական է հայ կեանքին մէջ: Նոյն հունով, գիտէր ընդունիլ եւ յարգել տարբեր մտածողները, վերաբերում՝ որուն հետեւանքով յաճախ պղտորած է մեր ներազգային եւ ներհամայնքային կեանքը: Այսինքն՝ կարեւոր էր մարդը, առաւել մարդուն հայատեսակը: Այս ըմբռնումով առաջնորդուած Յովսէփը երկխօութեան ջատագով էր:
Յունահայութեան հաւաքական յիշողութեան համար օգտակար պիտի ըլլար, որ Յովսէփի «Ազատ Օր»ի մէջ գրած յատկանշական էջերէն ծաղկաքաղ մը պատրաստուի եւ հրատարակուի, որպէսզի համայնքը եւ նորերը իմանան, որ ժամանակները իրենցմով չեն սկսիր, որ իրենք շարունակութիւնն են անցեալի մը:
Ճիշդ է, հակառակ կարգ մը եսակեդրոն մարդոց մտածումին, անփոխարինելի մարդիկ չկան: Բայց կան նաեւ մարդիկ, որոնց բացակայութիւնը կը զգանք, երբ անոնք այլեւս չկան: Ուղիղ տարի մը առաջ միասին էինք Աթէնք, տօնախմբեցինք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հարիւրամեակը…
Քանի մը օր առաջ վերադարձայ Արեւմտահայաստանէն եւ Կիլիկիայէն, ուր գացած էր նաեւ Յովսէփ, շատերու պէս, յուզուած եւ գրած էր իր գրքոյկը՝ «Պատմական Հայաստանի Աւանդներու Հետքերով» փոքրածաւալ գիրքը, որ հայրենազրկուած սերունդի ներկայացուցիչի վկայութիւն էր:
Մահուընէ ետք առաքինութիւնները կը շարունակեն ապրիլ:
Այդպէս պիտի ապրի Յովսէփը իր ընտանիքին, ընկերներուն եւ բարեկամներուն յիշողութեան մէջ: Ֆրանսացի իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթ կ՛ըսէր, որ անմահութիւնը մնալ է ապրողներու յիշողութեան մէջ…
Իր գիրքին կողքին վրայ կայ Վանայ ծովակի Աղթամար կղզիին հին եւ նոր երազի պէս տեւող Ս. Խաչ եկեղեցին: Այդպէս են հաւատաւորները, կը տեւեն, անոնք սոսկ յիշատակ չեն, ներկայութիւն են: