
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այսօր, «Ասպարէզ»ի 16,000րդ թիւն է, որ լոյս կը տեսնէ: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ գործող հայկական թերթի մը համար անվիճելիօրէն յաղթանակ է ասիկա:
Յաղթանակ՝ որովհետեւ տնտեսական բոլոր դժուարութիւններուն դէմ պայքարը ահա «Ասպարէզ»ը 111րդ տարին ըլլալով յաջողութեամբ դիմագրաւած է:
Յաղթանակ՝ որովհետեւ յաջորդական սերունդներու համար «Ասպարէզ»ը կրցած է ժամանակին հետ քայլ պահել եւ միշտ այժմէական մնալ:
Յաղթանակ, որովհետեւ կրցած է հայեացքը միշտ դէպի ապագայ սեւեռելով՝ երբեք պարտուողական մտայնութեան տուրք չտալ:
Յաղթանակ, որովհետեւ այս համայնքին համար իր ծառայութիւնը իմաստաւորելու բանաձեւը գտած է. բանաձեւ՝ որուն հիմքը համահամայնքային թերթի գաղափարն է:
Յաղթանակը մենք կը պարտինք մեր բաժանորդներուն, մեր հովանաւորներուն ու նուիրատուներուն, որոնց կարծիքները, գնահատականներն ու քննադատութիւնները մեզի եղած են ուղեցոյց եւ ներշնչում:
«Ասպարէզ»ը յանձնառու է շարունակելու ծառայել համայնքին՝ միշտ գործին մէջ ներդրելով իր առաւելագոյնը:
16,000րդ թիւը նշանաւորելու համար, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կը յայտարարէ իր 111րդ տարեդարձի հանգանակային արշաւի մեկնարկը:
Անցեալ տարիներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ տարեդարձին առթիւ հանգանակային արշաւները կ՛արժանանան մեր բարեկամներու եւ հովանաւորներու սիրալիր ընդառաջման:
Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2019ը յայտարարած է Հայ Մամուլի Տարի, յոյս ունինք, որ «Ասպարէզ»ի բարեկամները այս անգամ յատուկ ջանք պիտի թափեն՝ գերազանցելու անցեալ տարիներու նուիրահաւաքի բոլոր ցուցանիշները, թերթին ապահովելով աւելի ամուր յենարան, նոր ծրագիրներ մշակելու, գործադրելու եւ դէպի նոր յաղթանակներ սուրալու շօշափելի հնարաւորութիւն: