ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 16 Յունիսին ընտրուեցաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան 3րդ վարչութեան կազմը, անոր 5րդ համաժողովին ընթացքին:
Վարչութեան նոր կազմը բաղկացած է 21 անդամներէ՝ Նիկոլ Փաշինեան, Տիգրան Աւինեան, Արարատ Միրզոյեան, Սուրէն Պապիկեան, Յակոբ Արշակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Վիլեն Գաբրիէլեան, Ռոմանոս Պետրոսեան, Յակոբ Սիմիդեան, Ռուբէն Ռուբինեան, Արսէն Թորոսեան, Սիփան Փաշինեան, Նարեկ Բաբայեան, Լիլիթ Մակունց, Արման Բոշեան, Մխիթար Հայրապետեան, Վահագն Յովակիմեան, Ալէն Սիմոնեան, Արմէն Փամբուխչեան, Արփինէ Դաւոյեան եւ Էդուարդ Աղաջանեան:
Կուսակցութեան համաժողովի պատուիրակները քուէարկութեամբ ընտրեցին նաեւ Վերահսկող վարչութեան նոր կազմը, որուն անդամներն են՝ Արամայիս Գրիգորեան, Գարիկ Սարգսեան, Էդուարդ Աւետիսեան, Անուշիկ Դաւթեան, Սոնա Ղազարեան, Սարգիս Ալեքսանեան եւ Կարօ Ղուկասեան:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կուսակցութեան նորընտիր վարչութեան նախագահ Սուրէն Պապիկեան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ 8000 քաղաքացիներ դիմում ներկայացուցած են՝ անդամակցելու «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան։
«Մենք ունենք մօտ 8000 դիմում, բայց պէտք է մեխանիզմներ ստեղծենք, հասկանանք, թէ այդ 8000ից ովքեր են մեր գաղափարական գիծը կիսում. հէնց այդ անձինք էլ կը դառնան մեր կուսակցական ընկերները: ՔՊն մասսայական կուսակցութիւն չի լինելու», շեշտեց Պապիկեան: