ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 14 Յունիսին, նախապէս ճշդուած ժամադրութեան համաձայն, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին Գերմանիոյ զանազան համալսարաններէ եկած խումբ մը՝ բաղկացած դասախօսներէ եւ դոկտորային աստիճանի պատրաստուող ուսանողներէ: Այցելութեան նպատակն էր լսել վեհափառ հայրապետը կրօնքին եւ քաղաքականութեան առնչութեան մասին՝ նկատի ունենալով, որ ներկաներուն մասնագիտութիւնը յիշեալ բնագաւառն է:
Կաթողիկոսը ընդհանուր ներածականէ մը ետք կեդրոնացաւ պատմութեան Արեւելքի ու Արեւմուտքի մէջ միաստուածեան երեք կրօններուն գծով տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին. ապա, բաղդատական մօտեցումով ծանրացաւ քրիստոնեայ-իսլամ կրօններուն վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով Միջին Արեւելքը՝ իբրեւ ծննդավայրը յիշեալ կրօններուն:
Հայրապետը նախ պարզեց քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ինքնահասկացողութիւնը, միշտ բաղդատական մօտեցումով. քրիստոնէութեան պարագային, պարզեց կրօնքին թէ՛ առնչութիւնը եւ թէ հեռաւորութիւնը քաղաքականութենէն, եւ իսլամութեան պարագային՝ նոյնացումը քաղաքականութեան հետ:
Կաթողիկոսը յիշեց երկու պարագաներուն կրօնք-քաղաքականութիւն առնչութեան դրական եւ բացասական հետեւանքները: Ան նաեւ շեշտեց այս գծով հասարակաց յայտարարները երկու կրօններուն միջեւ: Վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց կրօնքին դերը՝ իբրեւ բարոյական հեղինակութիւն, հաշտարարի եւ միջնորդի դերակատարութեամբ, ինչպէս նաեւ իբրեւ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան առաքեալ:
Առաւել քան ժամ մը տեւած դասախօսութենէն ետք, կաթողիկոսը պատասխանեց ներկաներուն ուղղած հարցումներուն: