ՕՔԼԸՆՏ.- Կիրակի, 2 Յունիսի յետմիջօրէին, Օքլընտի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ սրահին մէջ հաւաքուած հարիւրաւոր ներկայ եւ նախկին մարզիկներ առիթը ունեցան մասնակցելու 1959էն ի վեր շրջանի հայութեան համար մարզական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ իրականացուցած մարզիչ Ռիչըրտ Տէմիրճեան, որ մարզական շարք մը խումբեր կազմելով եւ մրցումներ կազմակերպելու շնորհիւ կրցած է մեծապէս նպաստել շրջանի հայ համայնքի անդամներուն միջեւ յարաբերութեանց սերտացման:
Տէմիրճեան կազմած է տղոց, աղջկանց, կանանց եւ տղամարդոց բազմաթիւ մարզական խումբեր եւ Պեն Մորճիկի հետ կազմակերպած է Արեւմտեան Ամերիկայի մարզական միութեան տարեական խաղերը, որոնք 46 տարիներու ընթացքին ի մի բերած են հազարաւոր հայ մարզիկներ։ Ան նաեւ հեղինակն է ամերիկահայ եւ գանատահայ մարզիկներու, մարզիչներու եւ մարզական աշխարհին հետ առնչութիւն ունեցող այլ անհատներու իրագործումներուն նուիրուած հատորին՝ «Armenian-American-Canadian Who՛s Who of Outstanding Athletes, Coaches and Sports Personalities» (1990):
Ս. Վարդան եկեղեցւոյ սրահին մէջ հաւաքուած մարզիկներէն շատեր իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին մեծարեալին մատուցած սպասարկութիւններուն։
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Սթիւըն Տօնիկեան, իսկ ելոյթ ունեցողներուն մէջ կային՝ Ճեք Փափազեան, Ճուտի Ռեճեպեան, Տէյվիտ Մատաճեան, Վան Տէր Մկրտիչեան, Պրայըն Պապայեանս, Քեն Թամսըն եւ Մեթ Վասկէրեան (տեսանիւթով), որոնք թէ շնորհակալութիւն յայտնեցին մեծարեալին եւ թէ ներկաներուն հետ բաժնեցին նշեալ մարզական միջոցառումներէն հաճելի յուշեր։
Աւարտին, յայտարարուեցաւ, որ Ռիչըրտ Տէմիրճեանի անունով մարզական հիմնադրամ մը պիտի հաստատուի։
Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի եկեղեցւոյ մարզական ծրագիրներուն: