ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 2019ը 175ամեակի տարին է Պոլսոյ Պաքըրգիւղ շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Տատեան վարժարանի հիմնարկութեան:
Այս պատմական հան-գրուանը պատշաճ կերպով նշելու համար, կազմակերպող յանձնախումբը նախաձեռնած է զանազան ձեռնարկներէ բաղկացած ծրագիրի մը, որուն մաս կը կազմէ յուշամատեանի մը հրատարակութիւնը, որ պիտի ցոլացնէ Տատեան վարժարանի վերջին 25 տարիներու պատմականը:
Այս առիթով, յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ Պոլսոյ կամ արտասահմանի բոլոր տատեանցիներուն, նախկին պաքըրգիւղցիներուն եւ թաղեցիներուն, որպէսզի տեղեկութիւններ ուղարկեն իրենց մասին կամ գրի առնեն յուշեր իրենց աշակերտական օրերէն, նշեալ յուշամատեանին համար:
«Սիրելի Սփիւռքի տատեանցիներ, վստահ ենք, թէ սա պահուն ձեր սիրտերուն խորը կը զգաք անշահախնդիր սէր հանդէպ ձեր դարաւոր եկեղեցւոյ եւ վարժարանին, ու ձեր հոգիները կը հրճուին, երբ կը լսէք Տատեան վարժարանի արձանագրած յարաճուն վերելքը կամ ականատես կ՛ըլլաք վարժարանի նորանոր յաջողութիւններուն: Յանձնախումբս կը խնդրէ վայելել ձեր զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը այս առիթով», նշուած է յանձնախումբին դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։
Տատեան վարժարանի հեռաձայնի թիւն է՝ 0212-571-6077, իսկ համացանցային հասցէն՝
info@dadyan.k12.tr։ Կը խնդրուի գրութիւնները ուղարկել մինչեւ Սեպտեմբեր: Ամերիկայէն եւ Գանատայէն յաւելեալ մանրամասնութեան համար՝ կարելի է դիմել Տատեան վարժարանի 1948-49 շրջանաւարտներէն Յակոբ Ծերունեանին՝ (310) 541-9912 թիւով կամ
jack.zerunyan@verizon.net հասցէով։