ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 17 Յունիսին հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան մը՝ նուիրուած Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն:
Ան շեշտեց մարզական այս մեծ ձեռնարկին կարեւորութիւնը Արցախի մարզական եւ ընկերային-տնտեսական կեանքին մէջ, ընդգծելով բարձր մակարդակով 7րդ ամառնային խաղերը հիւրընկալելու արցախցիներուն պատրաստակամութիւնը: Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ կազմակերպչական աշխատանքները պէտք է կատարուին համակարգուած ձեւով, հարցերը շատ արագ լուծում գտնեն եւ փոխգործակցութիւնը ըլլայ հիմնական։
Այս մասին զեկուցում ներկայացուց աշխատանքային խումբի ղեկավար, Համահայկական խաղերու միջազգային կոմիտէի անդամ Վարդան Բալայեան: «Օգոստոսի 6ին խաղերի բացման արարողութիւնն, իսկ 7ին եւ 8ին մարզական միջոցառումների անցկացումը Արցախ է բերելու աւելի քան 4000 մարզիկ՝ շուրջ 190 երկրից: Այս օրերին աշխատանքներ են տարւում մարզիկների ու հիւրերի գիշերակացն ու ժամանցն ապահովելու համար: Առկայ հիւրատները, զբօսաշրջային տներն ու մասնաւոր հատուածի հետ բանակցութիւնները՝ կեցութեան վայրերը ժամանակակից պայմաններին համապատասխանեցնելու ուղղութեամբ, շարունակւում են», ըսաւ Վ. Բալայեան:
Շինարարական լրացուցիչ աշխատանքներուն, երթեւեկի հարցերուն, մշակութային նախաձեռնութիւններուն վերաբերող պարզաբանումներով հանդէս եկան համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարները:
Գրիգորի Մարտիրոսեան յանձնարարեց թեքնիք բոլոր հարցերուն շուտափոյթ լուծում գտնել, նաեւ ապահովութեան վերաբերող հարցերուն յատուկ ուշադրութիւն դարձնել։