– Ամերիկեան «Պլումպըրկ» կայանի երկու թղթակիցներ՝ Քերիմ Քարաքայա ու Ֆորճան Եալընքըլըճ ձերբակալուեցան Թուրքիոյ մէջ, թրքական լիրային անկումին վերաբերեալ լրատուութիւն մը պատրաստելու «յանցանք»ով։ Ըստ ամբաստանութեան՝ թղթակիցները իրենց հրապարակումով փորձած են տկարացնել Թուրքիոյ տնտեսութեան կայունութիւնը։ Կայանը քննադատեց թղթակիցներուն դէմ հրապարակուած մեղադրական թղթածրարները։ Թղթակիցները կրնան դատապարտուիլ մինչեւ 5 տարուան բանտարկութեան։
– 6 Մայիսի կործանարար հրդեհէն ետք, Փարիզի Աստուածամօր տաճարին՝ Նոթր Տամի մէջ 16 Յունիսին մատուցուեցաւ առաջին պատարագը։