ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը տարածեց՝ պնդելով, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը 16 Յունիսին դարձեալ դիտումնաւոր կերպով ռմբակոծեցին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող Իտլիպի Մուրաք շրջանին մէջ գտնուող թրքական դիտակէտը, միայն նիւթական վնասներ պատճառելով։
Ըստ նախարարութեան՝ թրքական կողմը «ծանր հրետանիներով» հակադարձեց այս յարձակումին, որ կատարուած է Թել Պազան շրջանէն:
Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած նման յարձակումի մը իբրեւ արդիւնք՝ երեք թուրք զինուորներ վիրաւորուած էին։
Աւելի ուշ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ Ռուսիոյ եւ Իրանի իշխանութիւններուն, որ Սուրիոյ վրայ ճնշում բանեցնելով՝ առաջքը առնեն նման յարձակումներու։