ԵՐԵՒԱՆ, «Արցախփրէս».- Արցախի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներուն պատասխանատու Արմէն Բաբայեան յայտնեց, որ տակաւին վերանորոգութեան եւ կառուցման բաւական աշխատանք կայ կատարուելիք։
Ըստ անոր՝ աշխատանքները ընթացք առած են Սեպտեմբեր 2018ին։ Կը կատարուի գլխաւոր մասնաշէնքի քանդման աշխատանք, շէնքը պիտի վերանորոգուի եւ պատերը ամրացուին։ Աշխատանքներ կը կատարուին նաեւ համալսարանի եռայարկ շէնքին ձախ թեւին մէջ։
Շինութեան երկու յարկերը նախատեսուած են ուսումնական աշխատանքներուն համար, իսկ նկուղային յարկը պիտի օգտագործուի իբրեւ ապաստարան:
Ըստ Ա. Բաբայեանի՝ շէնքը կը կառուցուի Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին ոճով, որ համապատասխան է ժամանակակից չափորոշիչներուն: Նախատեսուած է աշխատանքները աւարտել 2020ին։