ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան հրապարակեց Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար իրականացած փակ քուէարկութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, 99 թեր, 22 դէմ քուէներով Սահմանադրական դատարանի դատաւոր ընտրուեցաւ Վահէ Գրիգորեան:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թափուր աթոռին համար առաջադրած էր Վահէ Գրիգորեանի թեկնածութիւնը:
Մինչ այդ, խորհրդարանի շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ Վահէ Գրիգորեանի ընտրութեան դէմ։ Ցուցարարները յայտնեցին, որ կը փորձեն ամէն գնով արգիլել այս ընտրութիւնը։ Անոնք կը պնդէին, որ Վահէ Գրիգորեան Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քատրն է, իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարման տարիներուն Հայաստանի դատական համակարգը անկախ չէ եղած։ Բողոքի ցոյցին մասնակցողները նաեւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն եւ առանձին պատգամաւորներուն յորդորեցին քուէարկութենէն առաջ դրսեւորել խոհեմութիւն ու քուէարկել Հայաստանի Հանրապետութեան օգտին՝ չմտնելով ոչ օրինական քաղաքական գործարքներու մէջ եւ չստանձնել այդ պատասխանատուութիւնը:
«Այն պատգամաւորները, որոնք կը քուէարկեն Գրիգորեանի օգտին, դրանով իսկ կը քուէարկեն գրպանային արդարադատութիւն ձեւաւորելու օգտին, հետեւաբար, մեր կոչն է բոյկոտել՝ օգտուելով քուէարկութեան փակ, գաղտնի բնոյթից, չքուէարկել կամ դէմ քուէարկել թեկնածուին: Մերժելով Վահէ Գրիգորեանին՝ մենք «ո՛չ» ենք ասում լեւոնիզմին, ֆաշիզմին, կամայականութեանը, բռնութեանը: Մենք չենք ցանկանում, որ, ի դէմս Վահէ Գրիգորեանի, ՀՀ արդարադատութիւնը ձեռք բերի ֆաշիստական կամակատար գործիք», ըսին ցուցարարները։
«Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թափուր աթոռին համար առաջադրած էր Վահէ Գրիգորեանի թեկնածութիւնը»: Բայց ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու՝ նախագահ Արմէն Սարգսեանին պարտադրուեցա՛ւ առաջարկել Վահէ Գրիգորեանի թեկնածութիւնը: Մարդու մը, որ գոնէ երկու անգամ, հրապարակային ելոյթի ընթացքին՝ Արմէն Սարգսեանի նախագահ ընտրուիլը անվաւեր նկատած էր, պատճառաբանելով որ ան Հայաստանի քաղաքացի չէ: Կատակերգութի՞ւն է սա, ոդիսակա՞ն, զաւե՞շտ, թէ՝ ՓԱՇիստական ողբերգութիւն: