ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Մինչ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերը մեծ հետաքրքրութեամբ կը շարունակուին շրջանի զանազան մարզադաշտերուն վրայ, միւս կողմէ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն նուիրուած հրապարակային ձեռնարկները լաւագոյնս կազմակերպելու համար, համապատասխան յանձնախումբերը գործի լծուած են եւ ամէնօրեայ հետեւողական ու լուրջ աշխատանքով կը փորձեն բծախնդրութեամբ կազմակերպել եւ հանրութեան ներկայացնել իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնները:
Հարիւրաւոր ՀՄԸՄական կամաւորներ ոտքի են եւ ոգեւորութեամբ կը գործեն, եռուզեռի մէջ պահելով ՀՄԸՄի կեդրոնը, որ արդէն իսկ սկսած է նեղ գալու ՀՄԸՄի բեղուն գործունէութեան համար:
Ուրախալի է, որ ՀՄԸՄը այնպիսի կազմակերպութիւն մըն է, որ իր առաքելութեամբ, նպատակներով եւ կառոյցով աշխատանքի բաժին վերապահած է իր բոլոր անդամներուն, ամենափոքրիկ արծուիկէն մինչեւ տարեց իր անդամը: Այս երեւոյթը առաւել ակնյայտ կը դառնայ յատկապէս Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու կազմակերպչական աշխատանքներուն ընթացքին:
Նաւասարդեան ձենարկներու կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն մէկն է Յաղթանակի պարահանդէսը, որ նպատակ ունի ՀՄԸՄական երիտասարդութեան արձանագրած յաղթանակները հաւաքաբար տօնախմբելու, միատեղելով ՀՄԸՄի տարեց ու երիտասարդ սերունդներու ներկայացուցիչները:
Իւրայատուկ այս պարահանդէսի կազմակերպումը վստահուած է հետեւեալ վաստակաշատ ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն, որոնք բծախնդրութեամբ մօտենալով իրենց վստահուած պատասխանատուութեան՝ կը փորձեն լաւագոյնս կազմակերպել զայն. Շանթ Հայթայեան, Վարանդ Մելքոնեան, Պետիկ Ֆերմանեան, Գօգօ Պալեան, Ժասիկ Ջառահեան, Լարա Գազանճեան, Սթիւ Արթինեան, Սիլվա Գէորգ, Քնար Պօյաճեան, Սոնա Մենաչեան, Սիմա Կարապետեան, Դուին Թաթիկեան եւ Արմէն Աւագեան։

Յաղթանակի Պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 30 Յունիս 2019ի երեկոյեան, ժամը 7էն սկսեալ, Beverly Hilton պանդոկի սրահին մէջ։ Անոր ընթացքին տեղի պիտի ունենայ պատուոյ նախագահի եռագոյն եռիզներու փոխանցումը:
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 43րդ Մարզախաղերու պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրէթա Չրախչեաններ պաշտօնապէս իրենց պատասխանատուութիւնները պիտի փոխանցեն այս տարուան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ Մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեաններուն, հանգամանօրէն փոխանցելով անոնց այդ պատասխանատուութիւնը խորհրդանշող եռագոյն եռիզները, որմէ ետք, Էշկիեանները պիտի փոխանցեն իրենց առաջին հրապարակային պատգամը:
Նոյն երեկոյին նաեւ պիտի պարգեւատրուի տարուան Տիպար ՀՄԸՄականը, յանձին Վարդգէս Շխրտըմեանի, որ նաեւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը: Երեկոն պիտի խանդավառէ Ալըն Ճի եւ իր նուագախումբը:
22-23 Յունիս 2019ի շաբաթավերջը պիտի շարունակուին պասքեթպոլի մրցումները եւ սկիզբ պիտի առնեն ֆութպոլի մրցումները: Վոլիպոլի մրցումները պիտի սկսին 29-30 Յունիսի շաբաթավերջը: Յիշեցնենք, թէ Նաւասարդեան մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ ՀՄԸՄի Արժանթինի շրջանի մանչերու ֆութպոլի եւ ՀՄԸՄի Գանատայի շրջանի Վանքուվըրի մասնաճիւղի աղջիկներու վոլիպոլի խումբերը:
Նաւասարդեանի անհատական մրցումները նախատեսուած են 3-6 Յուլիսի շաբաթավերջը Պըրմինկհեմ Չարթըր Հայ Սքուլի զանազան մարզադաշտերուն վրայ հետեւեալ ժամանակացոյցով.
Ճատրակի, փինկ-փոնկի եւ թենիսի մարզաճիւղերու մրցումները պիտի սկսին Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019ին, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ:
Թեթեւ աթլեթի մրցումները՝ Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019ին, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ:
Լողի մրցումները՝ Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019ին, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ:
«Հպարտութեամբ կ՛ընդգծեմ, թէ Նաւասարդեանի Յաղթանակի պարահանդէսը, չորսօրեայ փառատօնը եւ եզրափակիչ մրցումները, ինչպէս նաեւ փակման հանդիսութիւնը կը կազմակերպուին կամաւոր ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու կողմէ, որոնք հաւատքով եւ նուիրումով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները: ՀՄԸՄը այն կազմակերպութիւնն է, որ իր մարզական եւ սկաուտական ծրագիրներով կրցած է գրաւել մեր երիտասարդութիւնը եւ անոնց ընդմէջէն շրջանի հայութիւնը: Մեծ ժողովրդականութիւն վայելող այս մարզախաղերը պիտի եզրափակուին 3-6 Յուլիս 2019ին: Կասկած չունիմ, որ այդ օրերուն մեր ՀՄԸՄասէր հասարակութիւնը խուռներամ ներկայ պիտի գտնուի Պըրմինկհեմ Չարթըր Հայ Սքուլ՝ քաջալերելու մեր երիտասարդութիւնը եւ նոյն ժամանակ հրամցուող ծրագիրներով վերապրելու Հայոց Հին Նոր Տարին՝ Նաւասարդը», ըսաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան:

ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերը պիտի շարունակուին ամէն շաբաթավերջ: Մարզադաշտերու չգոյութեան եւ Նաւասարդեան մարզախաղերուն մեծաթիւ մասնակցող խումբեր ունենալու իբրեւ հետեւանք՝ կարելիութիւնը կրնայ ստեղծուիլ մրցումներու ժամանակացոյցերու եւ վայրերու փոփոխութիւններ, որոնց մասին տեղեկանալու համար՝ կարելի է հետեւիլ «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսող հրապարակումներուն, ՀՄԸՄի «Ֆէյսպուքի»ի էջին, HTV պատկերսփիւռի ծրագիրին, ինչպէս նաեւ դիմել ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը՝ հեռաձայնելով (323) 344-4300 թիւին կամ դիմելով
info.wusa@homenetmen.org հասցէին: