Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Կիրակի, 23 Յունիսին, երկրորդ եւ աւելի ուժգին ապտակ մը ստացաւ Պոլիսէն, երբ ընդդիմադիր Էքրեմ Իմամօղլու երկրորդ անգամ ըլլալով յաղթական դուրս եկաւ քաղաքապետի ընտրութեան քուէարկութենէն։ Ան առաջին անգամ քաղաքապետ ընտրուած էր 31 Մարտին, սակայն Էրտողան ու անոր մենատիրական կամքին ենթարկուող ընտրական յանձնաժողովը 7 Մայիսին չեղեալ հռչակեցին քուէարկութեանց արդիւնքը, պատճառաբանելով, որ «խարդախութիւններ արձանագրուած են». այդ հանգրուանին, Իմամօղլու ապահոված էր քուէներուն 48.79 առ հարիւրը, պարտութեան մատնելով Էրտողանի կուսակից Պինալի Եըլտրըմը, որ ապահոված էր քուէներուն 48.51 առ հարիւրը. ձայներու տարբերութիւնը հազիւ 13,000 էր։
Երկրորդ ընտրութիւններուն արդիւնքը, ինչպէս նշեցինք, աւելի համոզիչ եղաւ. Իմամօղլու ապահովեց քուէներուն շուրջ 54 առ հարիւրը, մրցակիցին ձգելով հազիւ 45 առ հարիւրը։ Այսինքն՝ ձայներու հարիւր հազարաւոր տարբերութիւն։ Էրտողան, որ նախօրօք յայտարարած էր, թէ Պոլիսը շահողը կը շահի ամբողջ Թուրքիան, խոստովանեցաւ որ իր թեկնածուն պարտուած է, ու անոր հետ ձայնակցելով՝ ժողովուրդին ներկայացաւ ձայնապնակին երկրորդ երեսը երգելով. «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը յաղթանակեց…»։ Ի դէպ, Իմամօղլուն ալ խօսեցաւ ժողովրդավարութեան յաղթանակին մասին, յայտարարելով, որ իր յաջողութիւնը «Թուրքիոյ մէջ հարիւրամեայ ժողովրդավարութեան վերականգնումն է»։
Թուրքիա եւ ժողովրդավարութի՞ւն…։
Բայց եկէ՛ք, այս հաւաստիքներուն շուրջ չպտըտինք, այլ տեսնենք խորքային պատկերը։
Անմիջական մեկնաբանութիւնները եղան այն, որ այս երկրորդ պարտութեամբ, Էրտողան պէտք է տեսնէ, որ իր ամէնէն հզօր յենարանները սկսած են խախտելու. ի վերջոյ, մարդիկ չեն մոռցած, որ անոր քաղաքական կեանքը մեկնարկած էր Պոլիսէն ու ան միայն զգացականութեամբ չէր տարուած, ըսելով, որ Պոլոսը շահողը կը շահի ամբողջ Թուրքիան։ Այսուամենայնիւ, Պոլիսը կորսնցնել՝ մեքենականօրէն չի նշանակեր ամբողջ Թուրքիան կորսնցնել, որովհետեւ նախագահը տակաւին բազմաթիւ լծակներ ունի իր ձեռքերուն։
Նոյն մեկնաբանները կը յիշեցնեն, որ Էրտողանի սկզբնական վերելքը ծայր առած էր շուրջ տասնամեակ մը առաջ, երբ ան Արեւմտեան աշխարհի տնտեսական տագնապները ի շահ Թուրքիոյ, այսինքն՝ օտար ներդրումներու համար Թուրքիոյ շուկան բանալու ծառայեցուցած էր, սակայն վերջին տարիներուն նահանջ արձանագրեց, նա՛եւ քաղաքական գործօնին պատճառով՝ տնտեսական անկումի, սղաճի եւ յարակից զարգացումներու ազդեցութեան տակ։ Տակաւին, 2016ին տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձը նախագահին առիթ տուաւ բռնատէրի իր բռունցքը սեղմելու. ազատութիւնները եւ ընդդիմադիրներ ճնշուեցան, եւ այն բոլորը աստիճան առ աստիճան անդրադարձան անոր ժողովրդականութեան անկումին վրայ. եւ ահա՝ Պոլսոյ չեղարկուած ընտրութիւնները ի նպաստ իրեն դարձնելու փորձը աւելի շարաչուն ապտակով մը կը վերադառնայ նախագահին երեսին, ստեղծելով բազմաթիւ հարցականներ, որոնք կը ծագին մէկ կողմէ՝ անոր ներքին քաղաքականութեան ընթացքէն, ու միւս կողմէ՝ նշոյլներ ի յայտ կը բերեն արտաքին քաղաքական կեանքին մէջ՝ Արեւելքին ու Արեւմուտքին միջեւ լարախաղաց դառնալու անոր վարքագիծին լոյսին տակ։
***
Պոլսոյ ընտրութեանց արդիւնքը արդեօք ջուր պիտի բերէ՞ այն ջաղացքին, թէ Էրտողանի անկումը աւելի արագ ընթացք պիտի ստանայ։ Աւելին, ընդդիմադիրներուն արձանագրած յառաջխաղացքը, որ կրնայ նոր քայլեր գտնել յառաջիկային, ի՞նչ իմաստ պիտի ունենայ Թուրքիոյ ներքին ու արտաքին քաղաքական կեանքերուն դիտանկիւնէն, երբ յաղթո՛ղն ալ, պարտուո՛ղն ալ կը խօսին ժողովրդավարութեան յաղթանակին մասին…։ Անցեալին, երբ Թուրքիոյ քաղաքական բեմին վրայ կային այլ անուններով ու դիմագիծերով մրցակիցներ, որոնք կը կոչուէին Էճեւիտ, Թիւրքէշ, Տեմիրել, Ինէօնիւ եւ ուրիշներ (կարելի է երթալ մինչեւ Մուսթաֆա Քեմալի օրերը), դէմքերու եւ վարիչներու փոփոխութիւնը հիմնականին մէջ մեծ փոփոխութիւն չէ բերած Թուրքիոյ վարքագիծին մէջ, «Հի-ւանդ մարդ»ուն տալով տարբեր շղարշներ. այդ օրերուն, բանակը շատ աւելի ուժեղ ներկայութիւն եւ ազդակ էր քաղաքական բեմին վրայ, այսօր պատկերը փոխուած է, սակայն պէտք չէ տարուիլ արտաքին երեւոյթներով, ոչ ալ… Իրանին կամ արաբական այս կամ այն երկիրն, մինչեւ իսկ պաղստինցիներուն բարեկամ ձեւանալու Անգարայի լարախաղացութիւններով։ Թէ՛ Արեւմուտքին, թէ՛ Արեւելքին համար, Թուրքիա ունի դերակատարութիւն մը, որ ի զօրու է առ նուազն Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ի վեր, հոգ չէ թէ այդ քաղաքականութիւնը մերթ հաճոյ կը թուի Ուաշինկթընի ու անոր դաշնակիցներուն, երբեմն ալ՝ Մոսկուայի։
***
Հայկական տեսանկիւնէն եւս, Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող վերիվայրումները կրնան այլազան մեկնաբանութիւններու առիթ տալ, սակայն պէտք է մնանք զգօն ու շրջահայեաց, չտարուինք այլոց մեկնաբանութիւններով, այլ Թուրքիոյ վարմունքը տեսնենք լոյսին տակ այն իրականութիւններուն, որոնք կը ներկայանան մասնաւորաբար Հայաստանի շրջափակման, Ատրպէյճանի հետ անոր զինակցութեան եւ միջազգային բեմին վրայ Անգարա-Պաքու հակահայ վարմունքին ճամբով։
Աւելին, հայկական դիտանկիւնէն, Պոլսոյ ընտրութիւններուն արդիւնքը հազիւ թէ ստորակէտի մը նշանակութիւնը ունի, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Հայաստանի անմիջական դրացնութեան մէջ տեղի կ՛ունենան իսկապէս մտահոգիչ զարգացումներ։ Հարաւէն՝ Իրանի վրայ ամերիկեան ճնշումն ու ռազմական բռնկումի մը հաւանականութիւնը բնականաբար ճնշումի նոր լծակներ պիտի գոյացնեն Հայաստանի վրայ. հիւսիսէն, Վրաստանի մէջ հակառուսական նորագոյն խռովութիւնները, հոգ չէ թէ սահմանափակ շրջագիծի մէջ, արդէն իսկ որոշ անդրադարձ ունեցան Վրաստանի վրայով երթեւեկի ու ապրանքներու փոխադրութեան վրայ, այլապէս Հայաստանի վրայ ճնշումի այլ գործօն մը դառնալով։ Եւ այս ենթապատկերին դիմաց, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան ամերիկացի ու ամերիկացի ներկայացուցիչներու հետ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին տեսակցութիւնները…
Այս «եռուզեռ»ին դիմաց, հայկական քաղաքական ներքին կեանքը տարուած է «տեղական» հակաճառութիւններով, երբեմն ամենայետին մանրուքներով տարուելու փորձութեամբ, մինչդեռ, ինչպէս որեւէ ժամանակ, այսօր ալ առաջնահերթ է տեսնել շրջանին ու մեզ շահագրգռող աշխարհին ընդհանուր համայնապատկերը, գործել ու ԳՈՐԾԱԿՑԻԼ անոնցմէ բխող թելադրանքներով, ձերբազատիլ տարանջատումի ու տարանջատող գիտակից ու անգիտակից խաղերէն։
24 Յունիս 2019