ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ
Բերիոյ Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի Հալէպ ժամանումը աւետաբեր արձագանգ ունեցաւ Թեմիս տարածքին: Հալէպ քաղաքը բարի գալուստի շքեղ ընդունելութեան պերճախօս թարգմանը հանդիսացաւ:
Արդարեւ, Կիրակի, 16 Յունիսին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց թեմիս առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան: Ներկայ էին ազգային, երեսփոխանական, կրօնական եւ վարչութեան ժողովի ներկայացուցիչներ, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:
Եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ «Շողակաթ» երգչախումբին կատարողութեամբ ներդաշնակ երգեցողութիւնը ունէր մեղեդիաբարբառ առոգանութիւն: Քրիստոսասէր ներկայութիւնը երկիւղած հետեւողութեամբ մասնակից կը դառնար հոգեպարար արարողութեան: Ուրախալի շարժառիթը անգամ մը եւս կը հաստատէր ժողովուրդին անքակտելի կապուածութիւնը հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ: Վերօծուած Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին միւռոնելի առաքելութեամբ, յաղթական երթի հոգեխօս պատկերը կը պարզէր ամէնուն աչքերուն առջեւ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին որպէս բնաբան ընտրեց Սաղմոս 121ի աղօթաբոյր խօսքերը. «Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ: Իմ օգնութիւնս Տիրոջմէն է, որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց» (Սղ 121.1-2):
Մասիս եպս. Զօպուեան նախ անդրադարձաւ մարտահրաւէրներով շրջապատուող, նեղութեանց մատնուող եւ բազմաբնոյթ դժուարութեանց մէջ գտնուող հաւատքի մարդուն՝ սաղմոսասացին յուսադրիչ արտայայտութեան մասին: Դիտել տալով, որ Աստուծոյ ապաւինողը՝ լաւատեսութեամբ բարի դիտաւորութեամբ եւ դրական տրամադրութեամբ կը շարժի, այլ խօսքով՝ բարին կ՛ակնկալէ եւ յոյսով Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը կը սպասէ: Սրբազան հայրը ըսաւ. «Գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որուն ներգործող զօրութեան շնորհիւ հալէպահայը տակաւին կը գոյատեւէ, անդրդուելի կամքով եւ հաստատուն հաւատքով կառչած կը մնայ սուրիական հայրենիքին: Բերիոյ Հայոց թեմը պատմական նշանակութիւն ունի: Թեմը իր բոլոր կառոյցներով գոյապայքար կը մղէ եւ կը շարունակէ ապրիլ, հակառակ պատերազմին վատ հետեւանքներուն: Լիայոյս ենք, որ ծառայութեան ոգիով եւ սիրոյ սկզբունքով միասնաբար պիտի կերտենք նոր հանգրուան մը, բարօրութեամբ եւ պայծառութեամբ յատկանշուած: Այս ծանր աշխատանքը իր բարի նպատակին կը ծառայէ համագործակցութեամբ: Ուստի, մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է իր բաժինը բերելու, որպէսզի վերականգնումի բոլոր ծրագիրները դառնան իրագործելի»: Սրբազան հայրը խրախուսիչ պատգամին ընդմէջէն հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներուն պահապանն ու տարածիչը ըլլալ թելադրեց:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ապա թափօրը «Տէր Կեցո Դու Զհայս» մաղթերգի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, որմէ ետք հնչեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նուիրուած յատուկ օրհներգը:
Առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով հաւատացեալները խաղաղութեամբ արձակուեցան: