ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, 27 Յունիսին տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) հիմնադրութեան 100ամեակին առթիւ դրոշմաթուղթի հրապարակումը, զոր կատարած են Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան, ԵՊՀի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գեղամ Գէորգեան, «Հայփոստ»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Աւագեան եւ Հայաստանի Ֆիլատելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան:
Գեղաթերթիկին վրայ պատկերուած են ԵՊՀի Կեդրոնական մասնաշէնքը եւ անոր առջեւ գտնուող «Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց» արձանախումբը: Ձեւագիտական եղանակով պատրաստուած նամականիշի ներքեւի աջ անկիւնը պատկերուած է ԵՊՀի հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած տարբերանշանը: