ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ մարզի Մասիս քաղաքին մէջ, ներկայ եղաւ Ֆրանսախօս երկիրներու զբօսայգիին եւ ընտանեկան մարզահամալիրին բացման արարողութեան, կը հաղորդէ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Զբօսայգին եւ մարզահամալիրը կառուցուած են Մասիսի զարգացման հիմնադրամի եւ AFFA (Adibekyan Family Foundation for Advancement) բարեգործական կազմակերպութեան աջակցութեամբ:
Կառավարութեան ղեկավարը շրջեցաւ եւ ծանօթացաւ պայմաններուն եւ շնորհաւորեց Մասիսի բնակիչները՝ ժամանակակից զբօսայգիին եւ մարզահամալիրին բացման առիթով:
Ընտանեկան մարզահամալիրը կը համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն եւ կը ներառէ փոքր ֆութպոլի ու պասքեթպոլի բացօթեայ երկու մարզահրապարակներ, մանկական հրապարակ եւ բակային փորձերու համար նախատեսուած մարզական սարքերով յագեցած գօտի:
Մասիսի զարգացման հիմնադրամի եւ AFFA-ի կողմէ կ՛իրականացուին նաեւ կրթական ծրագիրներ։