Իրանի հիւսիսը գտնուող Արեւմտեան Ատրպատականի ամենագեղեցիկ պատմական կոթողներէն մէկուն՝ Սուրբ Թադէի վանքին մէջ, Օգոստոսին պիտի մատուցուի պատարագ, որուն մասնակցելու նպատակով Իրան կ՛այցելեն հայեր ամբողջ աշխարհէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով իրանեան ԻՌՆԱ գործակալութիւնը:
Իրանէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Հոլանտայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն եւ Գանատայէն հայ ուխտաւորներ տօնական ծիսակատարութեան ընթացքին կը կատարեն երեխաներու մկրտութիւն եւ մատաղօրհնէք:
Չալդրանի շրջանի Սուրբ Թադէի վանքին մէջ տօնական ծիսակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի եւ կը վկայէ կրօններու խաղաղ գոյակցութեան մասին: Ան զգալիօրէն կ՛աշխուժացնէ հայ համայնքի ազգային, մշակութային եւ կրօնական կեանքը:
Ս. Թադէի վանքը կը թուագրուի 4-6րդ դարերով, սակայն ըստ աւանդութեան՝ զայն հիմնադրած է Թադէոս Առաքեալը 66 թուականին: Փորագրուած գրութիւնը կը վկայէ, որ վանքը 1814ին վերանորոգուած է Ատրպատականի նահանգապետ Ապպաս Միրզայի հրամանով: Ս. Թադէի վանքը քանի մը անգամ երկրաշարժէն քանդուած է եւ դարձեալ վերանորոգուած: 1946ին անիկա վերանորոգուած է Թաւրիզի Հայոց առաջնորդարանին ջանքերով, իսկ 1954ին, առաջին հայ ուխտաւորները՝ 50-60 հոգինոց խումբով, Ս. Թադէոս Առաքեալի նահատակութեան օրը ուխտագնացութիւն կազմակերպած են Թաւրիզէն դէպի վանքը: