ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը Կիրակի, 30 Յունիսի երեկոյեան, նշեց իր հիմնադիրին՝ Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակը: Համերգը տեղի ունեցաւ վարչապետարանին դիմաց գտնուող Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Զոքաք Պլաթ, ներկայութեամբ պաշտօնական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ երաժշտասէր բազմութեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Կարէն Արաբկիրեան, որ հայերէնով եւ անգլերէնով հերթաբար թուեց յայտագիրին կէտերը՝ նշելով երգերուն եւ անոնց կատարողներուն անունները: Խմբավար Գրիգոր Ալոզեանի հմուտ ղեկավարութեամբ շուրջ յիսուն անդամ հաշուող «Գուսան» երգչախումբը հմայեց ներկաները՝ զանոնք փոխադրելով կոմիտասեան օրերու «աշխարհը»: «Գուսան»ի երկսեռ երգչախումբը, երգեհոնի մենակատարութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, ներկաներուն հրամցուց Կոմիտասի երաժշտութենէն փունջ մը երգեր ու խմբերգներ: Յատկապէս ուշագրաւ էին մեներգողներ Աւետիս Ագրապեան եւ Շողիկ Թորոսեան: Երգչախումբը նաեւ ներկայացուց «Իմ Չինարի Եարը» խորագրեալ երգը ընդգրկող յատուկ տեսահոլովակ մը՝ կատարողութեամբ «Գուսան» երգչախումբին:
Նշենք, որ այս առիթով եւ գործակցաբար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին, «Գուսան» երգչախումբը հրապարակած է Կոմիտասի տասներկու երգերը եւ լուսանկարներ ընդգրկող բոլորին հասանելի եւ փոքրածաւալ յատուկ գրքոյկ մը:
Աւարտին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Գուսան» երգչախումբի պատասխանատուներէն Կարէն Եոսուլքանեան հայերէնով եւ արաբերէնով անդրադարձաւ նշեալ գրքոյկի հրատարակութեան եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս երեկոյի համերգի իրագործման, յատկապէս՝ «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս, մասնաճիւղին եւ օրուան մեկենասներուն՝ Սարգիս Ճապաղջուրեանին եւ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Անահիտ Տանձիկեաններուն: