ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան 29 Յունիսին, Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբաններու միութեան 30րդ տարեկան համաժողովին՝ ելոյթ ունենալով «Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներու եւ սահմանափակութիւններու արտաքին պատճառները» թեմայով:
Ան նախ ներկայացուց մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հիմնական գործառոյթները եւ աշխատանքային ուղղութիւնները։ Բեգլարեան ընդգծեց, որ, բացի ներքին հարցերէ, Արցախի բնակիչները յաճախ կը բախին մարդկային իրաւունքներու խախտումներու եւ սահմանափակումներու, ատրպէյճանական հետապնդումներու, եւ այս բոլորը այն պատճառով, որ Արցախ միջազգայնօրէն չէ ճանչցուած։
Պաշտպանը մասնաւորաբար անդրադարձաւ ազատ տեղաշարժի, հաղորդակցութեան, տնտեսական զարգացման եւ շարք մը այլ տարրական իրաւունքներու խախտման օրինակներուն՝ ներառեալ օդակայանի, ջրային պաշարներու միացեալ կառավարման, քաղաքացիական մուրհակներու եւ փաստաթուղթերու ճանաչելիութեան, ներդրողներու նկատմամբ իրականացուող հետապնդումներու վերաբերող: Ան ընդգծեց, որ նման հարցեր պատճառ կը դառնան արցախցիներու իրաւունքներու համակարգային խախտումներու, որոնց վերացման ուղղութեամբ միջազգային հանրութիւնը պարտաւորութիւններ ունի:
Բեգլարեան կարեւոր նկատեց մարդկային իրաւունքներու համընդհանրութեան սկզբունքի պատշաճ կիրարկումը, յատկապէս չճանչցուած պետութիւններու բնակիչներուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնք մեծապէս խոցելի են գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն իբրեւ հետեւանք:
Նշենք, որ Բեգլարեանի Քալիֆորնիա աշխատանքային այցելութիւնը կազմակերպուած է Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ միասին՝ Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբանական միութեան նախաձեռնութեամբ։