ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակին համագործակցութեան 2019ի ծրագիրի ծիրին մէջ, 2 Յուլիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մարդկային իրաւունքներու եւ Բարեվարքութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում մը՝ մանկահասակ երեխաներ ունեցող կին զինուորներուն հետ՝ երեխաներու խնամքի գերատեսչական հաստատութիւններու նիւթով:
Քննարկման նպատակն էր գնահատել մանկահասակ երեխաներ ունեցող կին զինուորներուն կարիքները՝ երեխաներու խնամքի հաստատութիւններուն վերաբերող, բացայայտել անոնց խնդիրները, ծանօթանալ պաշտպանական գերատեսչութեան մէջ երեխաներու խնամքի կեդրոնի հիմնադրման կարելիութեան, ինչպէս նաեւ անոր կառոյցին վերաբերող անոնց տեսակէտին:
Կին զինուորները ներկայացուցին իրենց տեսակէտները եւ ա-ռաջարկները երեխաներու խնամքի գերատեսչական հաստատութիւններուն վերաբերեալ՝ կապելով զանոնք ծառայութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման հետ:
Հանդիպման իբրեւ արդիւնք՝ պիտի ամփոփուին եւ ներկայացուին վերոնշեալ համագործակցութեան ծրագիրով նախատեսուած՝ կին զինուորներու կարիքներու գնահատման ընդհանուր գործընթացը։