Թուրքիոյ քրտամէտ կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան գրառումներ կատարեց պետական ամավարկի բացին մասին՝ նշելով. «Ելեւմտական նախարարը ըսած էր, որ ամբողջ տարուան ընթացքին ամավարկը պիտի ըլլայ 80 միլիառ լիրա, սակայն առաջին 5 ամսուան մէջ իսկ այդ բացը արդէն իսկ հասած է 66.5 միլիառ լիրայի։ Ո՞ւր կ՛երթան այս գումարները։ Պալատներու շինութեան կ՛երթան։ Միայն Էրտողանի ամառնային պալատին վրայ ծախսուած է 330 միլիոն լիրա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.