ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ամերիկացի յայտնի հոգեւորական Էնտրու Պրանսըն մասնակցեցաւ Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու Միացեալ Նահանգներու յանձնաժողովի նիստին եւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը ըրաւ Թուրքիոյ մէջ տիրող կրօնական իրավիճակին մասին:
Նշենք, որ Պրանսընի պատճառով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները շրջան մը խիստ լարուած էին, որովհետեւ ամերիկացի հոգեւորականը երկար ժամանակ կալանաւորուած էր Թուրքիոյ մէջ: Թրքական կողմը զայն կը մեղադրէր կիւլենական համայնքին հետ կապ ունենալու յանցանքով: Պրանսընի պատճառով Ամերիկա շարք մը քաղաքական եւ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառեց Թուրքիոյ դէմ: Երկարատեւ ճնշումներէ ետք, Իզմիրի դատարանը վերջապէս որոշեց զայն ազատ արձակել:
Պրանսըն իր ելոյթը սկսաւ Թուրքիոյ կառավարութեան հասցէին խիստ քննադատութիւններով եւ թրքական իշխանութիւններուն կեցուածքը որակեց թշնամական:
«Այսօր Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները Էրտողանի համակարգին կողմէ կ՛ենթարկուին թշնամական վերաբերմունքի: Ըստ ինծի՝ Թուրքիոյ հայերը եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները ճնշուած կը զգան», ըսաւ Պրանսըն:
Պրանսըն նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ կը նկատուին ծայրայեղ իսլամական դրսեւորումներ եւ վերջերս աւելցած են քրիստոնեայ հոգեւորականներու արտաքսման դէպքերը:
«Թիրախ դարձած օտարերկրացիները մեծ մասամբ եկեղեցւոյ առաջնորդներ են կամ հոգեւորականներ, այլ ոչ թէ ատամնաբոյժներ կամ ճարտարագէտներ: Այսինքն՝ արտաքսումները կապ ունին հաւատքի հետ: Վերջերս թուրք հոգեւորական մը ինծի նամակ գրեց, որ քրիստոնէութիւնը կ՛որակուի իբրեւ ազգային ապահովութեան սպառնալիք, իսկ անիկա կրօնական ազատութիւններու խախտում է»: